image

Ճէյհուն Պայրամով. Հայաստանի հետ խաղաղութեան գործընթացը կը շարունակուի

Ճէյհուն Պայրամով. Հայաստանի հետ խաղաղութեան գործընթացը կը շարունակուի

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի քանի մը ուղղութիւններ կան։ Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը:

Ան նշած է, որ խաղաղութեան համաձայնագրի բնագիրը համաձայնեցուած է մարտին։

«Այս պահուն Ատրպէյճանը Հայաստանէն ակնկալիքներ ունի։ Այդ տարածքային պահանջներէն հրաժարիլն է եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծարումը»,-ըսած է ԱԳ նախարարը՝ աւելցնելով, որ կողմերու միջեւ շփումները կը շարունակուին։