image

Յորդանան. Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան Պատրիարք Կաթողիկոսի հովուական այցն ու մատուցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը

Յորդանան. Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան Պատրիարք Կաթողիկոսի հովուական այցն ու մատուցած  Սուրբ  եւ Անմահ Պատարագը
Ուրբաթ` 09 Մայիս 2025-ի առաւօտեան, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Յորդանանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքը պատարագ մատուցեց՝ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքական Եկզարք Գերպծ. Հայր Նարեկ Թ. Ծ. Վրդ. Նաամոյեանի  եւ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէներու Հոգեւոր Հովիւ Գերպ. Հ. Եղիա Վրդ. Դերձակեանի հետ։

Պատարագին ներկայ էին Հոգեշ. Տէր Աւետիս Ծ. Վրդ. Իփրաճեանը՝ յորդանանահայոց Առաջնորդ եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, Հայր Ժոն Հաստատը` Աշրաֆիյէի Ս. Գէորգ Յոյն Կաթողիկէներու Հոգեւոր Հովիւը եւ Հայր ՃորՃ Քուպթին՝ Յորդանանի Անգլիքան-Եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ դատարանի նախագահը։

Հոգեւոր Տիրոջ եւ հայրերուն դիմաւորեցին Ազգային Մարզական Միութեան (ԱՄՄ) եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) ֆանֆարի նուագախումբերը եւ սկաուտները եւ ուղեկցեցին դէպի Եկեղեցի։

Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ պատրիարք-կաթողիկոսը ծառայած ըլլալով համայնքին մէջ որպէս պատրիարքական փոխանորդ Երուսաղէմի եւ Ամմանի (2005 – 2011), իր հարազատ տան եւ հարազատ ընտանիքի զաւակներուն մէջ կը գտնուէր եւ համայնքը անհամբեր կը սպասէր հանդիպելու անոր՝ իրենց սիրելի Պատրիարքին օրհնութիւնը ստանալու համար։ 

Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին Յորդանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան՝ Պր. Սեւակ Աւետիսեանը իր տիկնոջ հետ, Առաջնորդարանի Տեղական Խորհուրդի անդամ Պր. Անդրանիկ Լեփէճեանը, նաեւ համայնքի միութիւններու՝ ՀՄԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի եւ ԱՄՄ-ի ատենապետները՝ Տիկ. Ռաքէլ Մարգարեան, Օր. Արսինէ Ճամպազեան եւ Օր. Մարալ Ներսէսեան, վարչական կազմերու անդամներու հետ։ 

Ներկայ էր նաեւ ՆուրՍաթ Քրիստոնէական պաշտօնական կայանի Յորդանանի ճիւղի ընդհանուր տնօրէն Դոկտ. Պասիմա Սամաան. նշեալ կայանը պատարագը  սփռեց՝ ուղիղ հեռարձակումով։

Այս պատմական օրը նկարներով անմոռանալի դարձուց Ապունա Լատին Պատրիարքարանի գլխաւոր նկարիչ Պր. Սուրէն Խոտանեանը։

Պատարագէն ետք ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ ի պատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, բոլոր ներկաներու մասնակցութեամբ։

Տէր Ռաֆայէլ Կաթողիկոս Պատրիարքը Ամման կը գտնուէր մասնակցելու 7-8 Մայիս 2025-ին Ամմանի մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեայ-իսլամ միջազգային համագումարին- որու բացման նիստին Տէր Ռաֆայէլ Կաթողիկոս Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը խօսք ունեցան։ 

Համագումարը կազմակերպուած էր Յորդանանի Հասան Պըն Թալալ իշխանի հիմնած ու գլխաւորած քրիստոնեայ-իսլամ կազմակերպութեան կողմէ:

 

Մարալ Ներսէսեան

Ամման, Յորդանան

10 Մայիս 2025