Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք յստակ է անշուշտ, որ ոչ ԱՄՆ-ին, ոչ ալ Իրանին համար այս փուլին ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու երթալը փոխշահաւէտ չէ, ու այդ տուեալը հաշուի առնելէ ետք կարող ենք ըսել ու դիտարկել, որ ինչ ալ ըլլան գալիք զարգացումները, ապա ԱՄՆ-Իրան կորիզային նոր համաձայնութիւն մը ( ինչ տարողութեան ալ ըլլայ այդ մէկը) դրուած է ուժեղ կրակի մը վրայ։
Ուքրանիա-Ռուսաստան բարձր լարումի մակարդակով տեղի ունեցող դէպքերէն հեռու ԱՄՆ պիտի փորձէ (անձնապէս նախագահ Թրամփ) իրանեան խնդրով որոշակի դրական միաւորներ ստանալ։
Թէ ինչ ձեւաչափի կամ ինչ տրամաբանութեան մէջ, տակաւին պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր արձանագրած «բացայայտ» նահանջին դիմաց Իրան պիտի ստանայ կարեւոր միաւորներ ու նաեւ վերկազմակերպումի լաւ առիթներ։
Միացեալ Նահանգներու համար Ռուս- Ուքրանական տագնապէն ետք «հիմնական» երկրորդ օրակարգ կը համարուի «Իրանեան հարց»ը։ Խնդիր մը, որուն մասին ամենատարբեր մակարդակի վերլուծումներու կը հանդիպինք ի մասնաւորի այս օրերուն։
Հարկ է անշուշտ վերյիշել, որ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները նոր վերսկսան եւ այդ բանակցութիւններու երեք փուլ։ Բանակցութեանցա առաջին փուլը տեղի ունեցաւ անցնող 12 ապրիլին Օմանի մայրաքաղաք՝ Մասքաթի մէջ:
2-րդ փուլը 19 ապրիլին Իտալիոյ մայրաքաղաք՝ Հռոմի մէջ եւ 3րդ փուլ 26 ապրիլին, դարձեալ ՝ Մասքաթի մէջ:
Բաւական բարդ եւ երկար ժամանակի վրայ կայացուելիք բանակցութիւններու մասին կը խօսինք, եթէ անշուշտ հաշուի առնենք այն հանգամանքը, որ երկու երկիրներուն «կայուն հակառակութիւնը» կամ նոյնիսկ «թշնամութեան» մակարդակի հասնող տարաձայնութիւնները ունին երկար նախապատմութիւն։ Այստեղ չպէտք է խորանալ այդ նախապատմութեան տարբեր փուլերը նշելով, սակայն հարկ է ընթերցողներուն յիշեցնել, որ ԱՄՆ-Իրան «թշնամութիւնը» ունի աւելի քան 45 տարուան պատմութիւն։ Պատմութիւն մը, որ անցած է մեծ ցնցումներէ, լարումներէ ու շատ առումներով ալ «առաջ տարուած» է մի քանի կողմնակի թուացող առճակատումներով, որոնք տարբեր փուլերու երեւելի դարձած են բաւականին շեշտուած դրսեւորումներով։
ԱՄՆ եւ Իրան իրար դէմ «պայքար» մղած են ամենատարբեր ձեւաչափերով, ամենատարբեր ենթագետիններու մէջ այդ «մեծ խաղ»ին մասնակից դարձնելով նաեւ այն երկիրները, որոնք այս կամ այն ձեւով կը համարուին յատկապէս Իրանի «դաշնակից»ները։
Այս բոլորէն անդին, ինչպէս վերը նշեցի, որ ԱՄՆ-ին համար Ուքրանիա-Ռուսաստան լարումէն ու պատերազմի խնդրէն ետք Իրանը կը գրաւէ «իւրայատուկ» տեղ մը։ Յիշեցնենք, որ Իրան- Ամերիկեան կորիզային համաձայնութիւնը կնքուած էր 2015 թուականին, իսկ Տանըլտ Թրամփ իր նախագահ ընտրութիւնէն (առաջին նստաշրջան) անմիջապէս ետք (2017-ին) չեղեալ համարեց այդ համաձայնութիւնը։
Նախագահ Թրամփի երկու նստաշրջաններու «միջանկեալ ժամանակներ»ը, այսինքն նախագահ Պայտընի ժամանակաշրջանը կը նշանաւորուէր Իրանի հանդէպ «Ոչ տաք- ոչ պաղ» կեցուածքներու շրջանով։ Այն իմաստով, որ Պայտըն, որ արտաքուստ ջատագով էր Իրանի հետ լեզու գտնելու գաղափարին։ Հակառակ հիմնաւոր համաձայնութեան մը չհասնելուն Պայտընի վարչակարգը բաւարարուեցաւ առկայ «հակամարտութիւն»ը կառավարելիութեան սահմաններուն մէջ պահելու մօտեցումով։ Այսօր ունինք բոլորովին նոր համապատկեր մը, որուն նախնական քայլերը առաջ կերթան շատ արագ ընթացքով։ Ու հոս է նաեւ մեծագոյն հարցադրումը այն միտումներուն, որոնք առաւելաբար կրնան հանրութեան, այս պարագային ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սոյն սիւնակի ընթերցողներուս որոշ «բանալիներ» տրամադրելու, հասկնալու համար, թէ Միացեալ Նահանգներ ի՞նչ պատճառով կամ պատճառներով այսքան մեծ կարեւորութիւն կու տայ «իրանեան խնդրին»։
Յստակ է անշուշտ, որ այդ բանալի բառերուն մէջ առաջին հերթին կայ՝ կազը, նաւթը ու անոնցմէ բացի այն բնական պաշարները, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն եւ ախորժակ տուած են եւ դեռ ալ պիտի տան Միացեալ Նահանգներուն։
Ու այս ֆոնին է հաւանաբար, ԱՄՆ կը փորձէ նաւթի խաղէն դուրս պահել Իրանը, եւ զայն դարձնել լուսանցաքին խաղացող մը։
Երկրորդ հանգամանքը տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններն են ԱՄՆ-Չինաստան «հեռավար» պայքարը ու նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ ուղղութեամբ այս երկու գէրտերութիւններուն ունեցած անթաքոյց հետաքրքրութիւնը։
Երրորդ հաւանական հանգամանքը սիւննիական աշխարհը հակակշռի մը տակ պահելու հարցն է, եւ Իրանի պատուհանը օգտագործելով Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ անընդհատ եւ անուղղակի ճնշումի տակ պահել իր սիւննի (բաւական հաւարտիմ թուացող) դաշնակիցները եւ յատկապէս Սէուտական Արաբիան։
Վերեւը նշուած կէտերէն իւրաքանչիւրն ունի իր նրբերանգները եւ այդ առումով ալ կան բազմապիսի թելեր, որոնց ագուցումով միայն յայտնի պիտի դառնայ ԱՄՆ-ի Իրանի հանդէպ եւ աւելի ճիշդը «Իրանեան խնդրին» հանդէպ այսքան յստակ ու շեշտուած հետաքրքրութիւնը։
Անշուշտ այս բոլորը կը գործեն հակասական յարաբերակցութիւններով եւ ձեւաչափերով , պայմանաւ, որ անոնք բոլորն ալ ծառայեցուին միայն ու միայն մէկ նպատակի՝ ԱՄՆ-ի մեծ ու փոքր շահերու սպասարկութեան ապահովմամբ։
Իրան- ԱՄՆ լարումը դիտուած՝ «Հայկական պատուհան»էն
Հայաստանի համար ալ անչափ կարեւոր է իրանեան հիմնահարցը։ Ու այս առումով օրերս աչքիս զարկաւ հայրենի միջազգայնագէտ Սուրէն Սարգսեանի կատարած հակիրճ գրառումը, ուր ան հաշուի առնելով Իրան- ԱՄՆ ընդհանուր իրավիճակը կարեւոր նշումներ կը կատարէ այդ խնդրին մասին ու նաեւ կը խօսի հարցի տարբեր երսակներուն եւ Ատրպէյճանի այս հարցին առընթեր ունեցած «դերակատարութեան» մասին։
Ստորեւ կը ներկայացնեմ այդ գրառումը։
Սուրէն Սարգսեան կը գրէ՝
«Նախ պէտք է հասկնալ, որ այս պահու դրութեամբ Թրամփի վարչակազմը Իրանի նկատմամբ յստակ ռազմավարութիւն չունի։ Այս ակնյայտ կ'երեւի Թրամփեան խմբակի տարբեր ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններէն եւ դիրքորոշումներէն, որոնք կը վերաբերին Իրանի նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութեան։ Եթէ Թրամփի վարչակազմը որոշում կայացնէ կարգաւորելու յարաբերութիւնները Իրանին հետ, ուրեմն այդ կը նշանակէ բանակցութիւններ, որոնց հետեւանքով ձեռք պիտի բերուին յստակ պայմանաւորուածութիւններ։ Համոզուած եմ, որ իրանական կողմը պիտի պահէ այդ պայմանաւորուածութիւնները։ Վստահ եմ, որ պայմանաւորուածութիւնները պիտի պահէ նաեւ Թրամփը, քանի որ նախորդ անգամ՝ Իրանի միջուկային համաձայնագիրէն դուրս գալու անոր որոշումը պայմանաւորուած էր այն հանգամանքով, որ այդ համաձայնագիրը ինք չէր ստորագրած եւ կը համարէր, որ այն չի բխիր Միացեալ Նահանգներու շահերէն։ Մի զարմանաք, բայց այստեղ չափազանց կարեւոր ցուցիչ կրնայ դառնալ նաեւ 907-րդ բանաձեւի շրջանցման կամ այն ուժի մէջ թողելու հարցը։ Ատրպէյճանին տրամադրուող անվտանգային օգնութիւնը միշտ ալ տրամադրուած է ոչ թէ Հայաստանի, այլ Իրանի դէմ։ Ասիկա երբեք չէ հերքուած ամերիկացիներուն կողմէ։ Հետեւաբար, եթէ Թրամփի վարչակազմը օգնութիւն կը տրամադրէ Ատրպէյճանին, այդ կը նշանակէ, որ Իրանի դէմ որոշակի աշխոյժ գործողութիւններ, այդուհանդերձ, հնարաւոր են։ Միւս կողմէ, ամերիկեան մամուլով յայտնուած եւ չհերքուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Թրամփ դիմած է Ռուսիոյ նախագահին՝ միջնորդելու Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հնարաւոր գործընթացին։ Այս հանգամանքն ալ կը վկայէ այն մասին, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկար, այդուհանդերձ, կայ։ Այս, ի հարկէ, լաւատեսական միտում է, մանաւանդ, եթէ հաշուի առնենք հետախուզութեան ղեկավար Կապարտի այն յայտարարութիւնը, որ այս փուլին, ըստ ամերիկեան հետախուզութեան, Իրանը միջուկային զէնք պիտի չըստեղծէ: Այս ամէնը ստիպած է Թրամփը, որ Իրանին երկու ամիս ժամանակ տայ բանակցութիւններ սկսելու համար։
Ատրպէյճանը եւ ... «Իրանեան տագնապ»ը
Այս բոլորին զուգահեռ եւ վերջին շաբաթներուն տեղի ունեցած դէպքերն ու զարգացումները հաշուի առնելով պիտի նկատենք, որ վերը նշուած հիմնական երկու կողմերը որոշակի հետաքրքրութիւն մը սկսած են աճեցնել Ատրպէյճանի հանդէպ։
Մինչ ԱՄՆ այդ «հետաքրքրութիւն»ը կը պարզէ օգտագործելով Իսրայէլի «պատուհան»ը, իսկ անդին Իրան այդ հետաքրքրութեան յագուրդ կու տայ մշակելով ու գործի դնելով «ուղղակի» դիւանագիտութիւն մը, որ նաեւ կը սնուի Իրան-Ատրպէյճան հարեւաններ ըլլալու կարեւոր հանգամանքով։
Ու այստեղ բնականաբար տեսանելի կը դառնան այն «կարմիր գիծ»երը, որոնց շուրջ կը մանուին որոշակի նուրբ թելեր։
ԱՄՆ-ի համար Ատրպէյճան կարեւոր է, որովհետեւ Իրանի հարեւանն է ու նաեւ կը ներկայացնէ ռազմավարական կարեւորութիւն։ Իսկ Իրանի համար Ատրպէյճանը կարեւոր է ու կարեւոր է անոր հետ բարեկամութիւնը,որպէսզի այդ երկիրը հաստատուն գետին մը չդառնայ Իրանը հարուածելու համար։
Ու այս պարունակներուն մէջ Ատրպէյճան կը ստանայ յաւելեալ կարեւորութիւն, պայմանաւ, որ նոյնինքն Ատրպէյճանի նախագահը ճիշդ կատարէ հաշուարկները եւ ձեւով մըն ալ չսայթաքի այս խիստ վտանգաւոր կանոններ ունեցող խաղին մէջ։
Յստակ է անշուշտ, որ վերջին շրջանին Իրանի հարցով գոյութիւն ունին սուր տարաձայնութիւններ մէկ կողմէ ԱՄՆ-ի եւ միւս կողմէ Իսրայէլի միջեւ։ Ու յստակ է, որ այնքան ժամանակ, որ ԱՄՆ ու Իրան կը շարունակեն իրենց բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի միջեւ առկայ եւ բաւական «արհեստական խզում»ը պիտի շարունակուի...։
Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք յստակ է անշուշտ, որ ոչ ԱՄՆ-ին, ոչ ալ Իրանին համար այս փուլին ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու երթալը փոխշահաւէտ չէ, ու այդ տուեալը հաշուի առնելէ ետք կարող ենք ըսել ու դիտարկել, որ ինչ ալ ըլլան գալիք զարգացումները, ապա ԱՄՆ-Իրան կորիզային նոր համաձայնութիւն մը ( ինչ տարողութեան ալ ըլլայ այդ մէկը) դրուած է ուժեղ կրակի մը վրայ։
Ուքրանիա-Ռուսաստան բարձր լարումի մակարդակով տեղի ունեցող դէպքերէն հեռու ԱՄՆ պիտի փորձէ (անձնապէս նախագահ Թրամփ) իրանեան խնդրով որոշակի դրական միաւորներ ստանալ։
Թէ ինչ ձեւաչափի կամ ինչ տրամաբանութեան մէջ, տակաւին պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր արձանագրած «բացայայտ» նահանջին դիմաց Իրան պիտի ստանայ կարեւոր միաւորներ ու նաեւ վերկազմակերպումի լաւ առիթներ։
Սագօ Արեան