Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ պաղեստինեան «Համաս» շարժման կողմէ պատանդ պահուող Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Էտան Ալեքսանտրը կը վերադառնայ հայրենիք։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան գրած է իր Truth Social հարթակին վրայ։
«Ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ 2023 թուականի հոկտեմբերէն պատանդ պահուող Ամերիկայի քաղաքացի Էտան Ալեքսանտրը կը վերադառնայ տուն՝ իր ընտանիքի մօտ», - գրած է Թրամփ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահի խօսքով՝ այդ հնարաւոր դարձած է միջնորդներու՝ Քաթարի եւ Եգիպտոսի ջանքերու շնորհիւ։
«Յուսով եմ, որ սա առաջինն է այն վերջին քայլերէն, որ անհրաժեշտ են այս դաժան հակամարտութիւնը դադրեցնելու համար: Ես անհամբեր կը սպասեմ այդ տօնական օրուան», -աւելցուցած է Թրամփ։
Ըստ CNN-ի՝ պաղեստինեան «Համաս» շարժումն իր հերթին յայտնած է Էտան Ալեքսանտրը ազատելու մասին. ան Կազայի մէջ պատանդ պահուող ամերիկացի վերջին ողջ մնացած պատանդն է։ Շարժումը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի հետ վերջին օրերու բանակցութիւնները շատ դրական եղած են։ «Համաս»ը Ալեքսանտրի ազատ արձակումն անուանած է մէկն այն քայլերէն՝ ուղղուած հրադադարի հաստատման, որու շնորհիւ մարդասիրական օգնութիւն մուտք պիտի գործէ պաղեստինեան անկլաւ աւելի քան երկու ամսուան շրջափակումէ ետք։
Ամերիկացի պատանդի ազատ արձակման դիմաց, ըստ CNN-ի աղբիւրի, Իսրայէլը պաղեստինցի բանտարկեալներ ազատ պիտի չարձակէ։
Ըստ համացանցի մէջ հրապարակուած տեղեկութիւններու՝ Կազայի հատուածին մէջ «Համաս»-ը դեռ կը պահէ 59 պատանդ, որոնց կէսէն աւելին, ենթադրաբար, մահացած են։