Թուրքիոյ մէջ արգիլուած եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչցուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը (PKK) յայտարարած է իր լուծարման մասին։
Այս որոշումը կայացուած է կուսակցութեան 12-րդ համագումարի ժամանակ, որ տեղի ունեցած է մայիս 5-7-ը, հաղորդած է քրտական Rudaw հեռուստաալիքը։
Համագումարի եզրափակիչ հռչակագրին մէջ նշուած է, որ «համագումարը որոշած է լուծարել PKK-ի կազմակերպչական կառուցուածքը եւ դադրեցնել զինուած պայքարը, ատով իսկ վերջ դնելով PKK կոչուող կազմակերպութեան գործունէութեան»։