image

ԱՄՆ եւ Չինաստան 90-օրեայ առեւտրային հաշտութիւն կնքած են

ԱՄՆ եւ Չինաստան 90-օրեայ առեւտրային հաշտութիւն կնքած են

Ժընեւի մէջ կայացած բանակցութիւններէն ետք ԱՄՆ-ն եւ Չինաստանը համաձայնութեան եկած են մաքսատուրքրեու նուազեցման հարցով. Կողմերը պայմանաւորուած են 90-օրեայ առեւտրային հաշտութեան շուրջ։

Ըստ այդմ՝ ԱՄՆ-ն չինական ապրանքներու ներկրման համար մաքսատուրքերը 145%-էն պիտի նուազեցնէ մինչեւ 30%, Չինաստանն ամերիկեան ապրանքներու ներկրման մաքսատուրքերը 125%-էն պիտի նուազեցնէ մինչեւ 10%: Այս ռեժիմը պիտի գործէ մայիս 14-էն սկսեալ՝ 90 օր։

ԱՄՆ ֆինանսներու նախարար Սքոթ Պեսենթն ըսած է, որ ո՛չ Ուաշինկթընը, ո՛չ Փեքինը կ՚ուզեն խզել երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները։