image

Միայն ԱՄՆ-ն կրնայ ստիպել Իսրայէլին դադրեցնել պատերազմը. Պաղեստինի փոխնախագահ

Միայն ԱՄՆ-ն կրնայ ստիպել Իսրայէլին դադրեցնել պատերազմը. Պաղեստինի փոխնախագահ

Պաղեստինի փոխնախագահ Հուսէյն Շէյխը յայտարարած է, որ միայն Միացեալ Նահանգները կրնայ «ստիպել» Իսրայէլին դադրեցնել պատերազմը Կազայի հատուածին մէջ։ Այս կարծիքը քաղաքական գործիչը յայտնած է Al Arabiya հեռուստաալիքին։ Ան նաեւ աւելցուցած է, որ «Համաս» շարժումը չի կրնար դուրս մնալ քաղաքական կեանքէն։

Հուսէյն Շէյխը նաեւ յոյս յայտնած է, որ «Համաս»-ը «համարձակ գործողութիւններ» պիտի ձեռնարկէ, որոնք պիտի յանգեցնեն հակամարտութեան դադրեցման։

««Համաս»-ը ժողովուրդի մէկ մասն է, անոր կարելի չէ դուրս ձգել քաղաքական կեանքէն: Միեւնոյն ժամանակ «Համաս»-ը պէտք է փոխէ իր քաղաքականութիւնը, որ դառնայ մեր քաղաքական համակարգի մաս»,-ըսած է Շէյխը՝ վստահեցնելով, որ Պաղեստինի իշխանութիւնները երկխօսութիւն կը վարեն շարժման հետ:

«Պաղեստին պետութեան ստեղծման լաւագոյն ուղին այժմ Իսրայէլի դէմ խաղաղ դիմադրութիւնն է, ոչ թէ զինուած պայքարը»,-աւելցուցած է փոխնախագահը։