Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած է, որ Թեհրանի միջուկային ծրագրի շուրջ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններու չորրորդ փուլը շատ աւելի լուրջ եւ անկեղծ էր՝ երկխօսութեան նախորդ երեք փուլերու համեմատ։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է IRNA լրատուական գործակալութիւնը։
«Բանակցութիւններու ընթացքը կարելի է գնահատել որպէս հետեւողական առաջընթաց», - ընդգծած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։
Ըստ Ապպաս Արաքչիի՝ Մասքաթի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը խոր քննարկումներ ունեցած են տարաձայնութեան առանցքային հարցերու շուրջ։
«Ատոր շնորհիւ մենք կարողացանք հասնիլ աւելի յստակ փոխըմբռնման, եւ կողմերու դիրքորոշումները որոշակիօրէն մօտեցան»,- նշած է ան։
Նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ կողմերը համատեղ որոշում կայացուցած են շարունակելու բանակցային գործընթացը։
«Իրանը եւ միւս կողմը տրամադրուած են շարունակել երկխօսութիւնը եւ լի են վճռականութեամբ՝ շարժելու դէպի փոխադարձ ընդունելի համաձայնութիւն», -աւելցուցած է ան։
Արաքչին պարզաբանած է, որ բանակցութիւններու յաջորդ փուլի կայացման շուրջ պայմանաւորուածութիւն արդէն ձեռք բերուած է, սակայն հանդիպման յստակ օրն ու վայրը պիտի համաձայնեցուին՝ հաշուի առնելով կողմերու աշխատանքային ժամանակացոյցը։ Ան աւելցուցած է, որ կազմակերպչական հարցերը վստահուած են Օմանի արտաքին գործոց նախարարին։
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու առաջին փուլը տեղի ունեցած էր ապրիլ 12-ին Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ, երկրորդը՝ ապրիլ 19-ին Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ, ուր Իրանը յայտարարած է, որ լուրջ տարաձայնութիւններ մնացած են։ Ապրիլ 26-ին Մասքաթի մէջ տեղի ունեցած էր ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններու երրորդ փուլը։