image

«Մենք Սուրիոյ բանակը կ'ուզենք». յայտարարած են Ռաքքայի բնակիչները

«Մենք Սուրիոյ բանակը կ'ուզենք». յայտարարած են Ռաքքայի բնակիչները

Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու բնակիչները, որոնք Սուրիոյ Դեմիկրատական ուժերու տիրապետութեան տակ կը գտնուին, պահանջած են կառավարական բանակի միջամտութիւնն ու յայտարարած, որ Սուրիոյ մէջ միակ իշխող ուժը կառավարական ուժն է:

Սուրիոյ Ազգային յառաջդիմական ճակատի քարտուղար, Արաբ գրողներու միութեան Ռաքքայի մասնաճիւղի նախագահ Իյտ Տարուիշ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ Դեմիկրատական ուժերու տիրապետութեան տակ գտնուող բնակիչները կը պահանջեն կառավարական բանակի միջամտութիւնն ու պետական կառոյցներու վերաբացումը, մինչդեռ «Քաստ» խմբաւորման քիւրտ ու արաբ զինեալներու մեծ մասը «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման դէմ տարուած յաղթանակէն ետք, հեռանալով անոր շարքերէն վերադարձած են իրենց բնականոն կեանքին:

Տարուիշ անհաւանական համարած է յառաջիկայ ռազմական բախումը Սուրիոյ կառավարական բանակին ու «Քաստ»ի միջեւ, որովհետեւ այն Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բախման կրնայ առաջնորդել, բան մը, որ չի բխիր Ամերիկայի շահերէն:

Տարուիշ պատմած է նաեւ, որ Ռաքքայի արուարձանի բնակչութեան տունդարձէն ետք նահանգն սկսած է վերագտնել իր երբեմնի կենսունակութիւնը: