Օրերս Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած է հայրապետական մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 30–ամեակի առիթով։
Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը`
Կիրակի 29 Յունիս 2025ին, Ա.Մ.Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս. Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ գահակալութեան 30֊ամեակի առիթով։
Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցիէն ներս արարողութեան նախագահեց, Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, որ իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ անցնող երեք տասնամեակներու ընթացքին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ապրած եկեղեցական, ազգային, միջազգային, միջ֊եկեղեցական, միջ֊կրօնական, տպագրական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, եկեղեցական բարեկարգման, դիւանագիտական, կրթական, երիտասարդական վերելիքի մասին, որոնք զարգացան եւ յառաջդիմեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսի իմաստուն հովուապետական գահակալութեան օրերուն։
"Բախտաւոր պէտք է զգանք որ ականատեսի վկայութեամբ կ՝ապրինք ժամանակակից պատմութեան խիզաղ, իմաստուն, խոհեմ ազգընտիր կաթողիկոսի գահակալութեան ժամանակուայ մէջ, ուր ցեղասպանութիւն տեսած եւ Անթիլիասի մէջ վերջնականապէս հաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարձաւ հաւատքի աղբիւր, համահայկական փարոս, հայրենիքի պաշտպան, արդարութեան ձայն՝ հանդէպ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու պաշտպանութեան, միջազգային խօսնակ այլ իմաստով սփիւռքի եկեղեցական ու ազգային անուրանալի կեդրոն, ուր կը համախմբուին մեր ազգին ընդհանրական շահերու եւ մարտահրաւեներու լուծումները։ Այս բոլորը պիտի չիրականանային եթէ Արամ Ա. Կաթողիկոսի մէջ ամբոջացած չըլլային Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի հոգեւոր ապրումները, Խորէն Ա. Կաթողիկոսի մարտունակութիւնը եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գիտութիւնը։ Մէկ Հայրապետ որուն տեսլականով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ապրեցաւ ու կ՝ապրի տակաւին վերելքի ու զարգացումի տարիներ յանձինս Արամ Ա. Կաթողիկոսին"։
Պատգամի աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը յանուն թեմի հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութեան եւ հաւատաւոր ժողովուրդին՝ քաջառողջութիւն ու երկար ամեակներու գահակալութեան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած որ անսասան պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը եւ անոր արժանընտիր գահակալը։