image

Սահմանադրական փոփոխութիւններու խորհուրդը նիստ պիտի հրաւիրէ.Նախարար

Սահմանադրական փոփոխութիւններու խորհուրդը նիստ պիտի հրաւիրէ.Նախարար

Առաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին Սահմանադրական փոփոխութիւններու խորհուրդը նիստ պիտի հրաւիրէ: Այս մասին այսօր լրագրողներուն ըսած է Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանը։

Ան նշած է, որ Սահմանադրութեան նոր բնագիրը, սակայն, դեռ ամբողջութեամբ պատրաստ չէ։

Գալեանը տեղեկացուցած է, որ բնագրի մշակմանն ուղղուած գաղափարական հիմնադրոյթներու շուրջ պէտք է քննարկում տեղի ունենայ: «Երբ ունենանք համապատասխան որոշումները՝ խորհրդի համաձայնութեան տեսքով, արդէն կը լրամշակենք տեքստն ու կը վերջացնենք»,-ըսած է ան։

«Քննարկուելու է նաեւ Անկախութեան հռչակագրի վերաբերեալ հարցը»,- աւելացուցած է Գալեանը: