«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը Ազատութեան հրպարակին մէջ մեծ հանրահաւաք հրաւիրած է. Պահանջը՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր խումբի հրաժարականն է:
Յիշեցնենք, որ Շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ այսուհետ Ազատութեան հրապարակը պէտք է դառնայ Շարժման շտապը, ուր մարդիկ կը հաւաքուին, կը քննարկեն այս իշխանութիւնները հեռացնելու հարցն ու Հայաստանի ապագայի հետ կապուած խնդիրները։ Ան քանի մը օր ժամը 17։00-19։00-ը կ'այցելէր Ազատութեան հրապարակ:
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն իր հերթին խոստացած էր, որ 20 փետրուարին պիտի ըլլայ մեծ հանրահաւաք՝ հետաքրքիր վերջաբանով:



