«Շնորհակալութիւն տարիներու համար» պաստառ մը կար սրճարանի պատին, ներկայացուած էին լուսանկարներ, անուանի մարդոց այցերէն դրուագներ, տօնական առիթներ: Սրճարանի պատին տակաւին կախուած է բացման տարեթիւն ու ամսաթիւը խորհդանշող տախտակ մը՝ «30.05.2001», իսկ դեկտեմբեր 23-ը «Արթ Պրիճ»ի պատմութեան մէջ մնաց իբրեւ շնորհակալութեան օր: Գոցուեցաւ մեր սիրելի մայրաքաղաքի եւս մէկ նուիրական էջ, որ պիտի դառնայ նոր էջի մը սկիզբը:
Երեւանցի սրճարանասէր հանրութիւնը մէկ ամսուան մէջ ականատես եղաւ արուեստի շունչով յագեցած երկու յայտնի քաղաքային սրճարաններու փակման… Իրարու ետեւէ գոցուեցան Աբովեան փողոցի վրայ գործող «Արթ Պրիճ» սրճարան-գրախանութը եւ Տէրեան փողոցը գտնուող «Իլիկ» արուեստի սրճարանը:
Մայրաքաղաքի մէջ գիրքերով, ձեռքի ինքնատիպ աշխատանքներով յագեցած, գեղանկարներով ձեւաւորուած սրճարանները քիչ են, ուստի նմանատիպ վայրերու գոցուիլը ծանր լուրի պէս կ՚ընդունի մտաւորականութիւնը, որ քիչ թէ շատ ազատ միջավայր կը փնտռէ Երեւանի սրճարանային խայտաբղէտ ցանցին մէջ: Խօսակցութիւններ կան, թէ շուտով պիտի գոցուի նաեւ «Վան Կոկ» անունով արուեստի սրճարանը, որ նոյնպէս մտաւորականութեան, արուեստասէր երիտասարդութեան սիրելի վայրերէն մին է:
«Իլիկ» սրճարանը ընդամէնը ութ տարուան կեանք ունի եւ քանի մը վայր փոխած է, ուստի կարծես մարդիկ նոյն ցաւով եւ ափսոսանքով չընդունեցին անոր գոցուիլը՝ ինչպէս «Արթ Պրիճ»ինը, որ 22 տարուան կենսագրութիւն ունի եւ միշտ մէկ մնայուն հասցէ ունեցած է՝ Աբովեան 20: Երեւանի կեդրոնի զարդերէն էր «Արթ Պրիճ»ը, որ տեղացիներէն զատ աւելի շատ սփիւռքահայ եւ օտար զբօսաշրջիկ ընդունած է իր երկու տասնամեակի գործունէութեան ընթացքին:
«Իլիկ» սրճարանի տէրերը անոր գոցուիլը պատճառաբանեցին տեսակ մը լճացմամբ, որ կ՚ապրի սրճարանը: Մենք, ի վերջոյ, փոքր հասարակութիւն ենք, արուեստի շունչով, գեղարուեստական ձեւաւորումով այդպիսի տեղեր գացող մարդիկ քիչ են եւ այդ սրճարանները անընդհատ նոյն վիճակին մէջ մնալով՝ կը կորսնցնեն իրենց հետաքրքրութիւնը, դժուար է միշտ թարմ պահել միջավայրը՝ ի տարբերութիւն ժամանակակից բազմաթիւ սրճարաններու, որոնք յաճախորդներ գրաւելու համար շարունակ փոփոխութիւններու մէջ են:
«Իլիկ»ը իր փակումը նշանաւորեց հաւատարիմ այցելուներու շրջանակին մէջ, քերթուածներ կարդացին, պատմութիւններ պատմեցին եւ այդպէս գոցուեցաւ ութ տարեկան սրճարանը, որ սրճարան ըլլալէ զատ արուեստի իրերու, ձեռական աշխատանքներու, զարդերու եւ գիրքերու վաճառքի տեղ էր՝ սահմանափակ տարածքով, ուր նաեւ երաժշտական կատարումներ կ՚ըլլային:
Երեւանի մէջ իրադարձութիւն դարձաւ «Արթ Պրիճ»ի հրաժեշտի միջոցառումը. դեկտեմբերի 23-ին՝ շաբաթ օրը, հակառակ յորդառատ անձրեւին՝ յայտարարուած ժամուն արդէն Աբովեան փողոցի վրայի այդ հատուածը լեցուն էր մարդոցով, որոնց մէկ մասը սրճարանին ներսը պատսպարեցին, մէկ մասը՝ ծածկին տակ եւ դուրսը՝ առատօրէն վազող անձրեւին տակ մնացած մարդիկ էին… Անոնք համբերատար կը սպասէին կարգով ներս մտնելու՝ բաժակ մը բարձրացնելու «Արթ Պրիճ»ի հիմնադիր Շաքէ Հաւան-Կարապետեանին հետ, զրուցելու ծանօթ-անծանօթներու հետ, անցեալէն լաւ օրեր եւ պատմութիւններ յիշելու, բայց ամենաշատը արտայայտելու իրենց ափսոսանքը՝ սիրելի սրճարանի գոցուելու առթիւ:
ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳՐԱԽԱՆՈԻԹ-ՍՐՃԱՐԱՆԸ
«Արթ Պրիճ»ը Երեւանի առաջին գրախանութ-սրճարանն էր կամ սրճարան-գրախանութը, նայած թէ ամէն մէկ այցելու անոր մէջ ի՛նչ կը փնտռէր՝ գրախանո՞ւթը, թէ սրճարանը: Բայց այդ երկուքը այնպէս մը ձուլուած էին, որ դժուար էր գիրքերու եւ յուշանուէրներու տարածքը զատել սրճարանային միջավայրէն, որ միշտ լեցուն էր զանազան խաւի մարդոցմով…
«Արտ Պրիճ»ը հիմնադրուած է 2001 թուականին. անոր հիմնադիրը եւ 22 տարուան մէջ միակ տէր-տնօրէնը ծնունդով իրանահայ Շաքէ Հաւան-Կարապետեանն է, որ Իրանէն Միացեալ Նահանգներ գաղթելէ ետք որոշած է Հայաստան գալ եւ հայրենիքի մէջ ինքնատիպ գործ մը սկսիլ: Այդ ինքնատիպ գործը դարձած է «Արթ Պրիճ»ը, որ նաեւ Շաքէի կեանքի գործը եղած է՝ անբաժան իրմէ, ինքն ալ միշտ անբաժան եղած է սրճարանէն:
Ան «Արթ Պրիճ»ը բացած է այն մօտեցումով, որ ամէն մէկ այցելու կարողանայ իր ազատ ժամանակը լիովին վայելել միջավայրի մը մէջ, որ սերտ կապ ունի արուեստի եւ գրականութեան հետ եւ միաժամանակ այդ միջավայրը ըլլայ քաղաքի տրոփող զարկերակը: Պատահական չէ, որ սրճարանի առաջին յաճախորդները գրողներ, արուեստագէտներ, ստեղծագործողներն էին, յետոյ արդէն սրճարանը իւրայատուկ ձգողականութեամբ գրաւած է նաեւ այլ խաւերէն մարդիկ: Այստեղ կայացած են նաեւ քաղաքական գործիչներու, քաղաքագէտներու հանդիպումներ, քաղաքական քննարկումները նոյնպէս միջավայրի խօսակցութիւններու անբաժան մասն էր:
Գրախանութի գիրքերը նոյնպէս հատընտիր էին. արուեստի, ճարտարապետութեան, երաժշտութեան նուիրուած նորատիպ հրատարակութիւններ, ժամանակակից հայ գրողներու գիրքեր, պատկերագիրքեր եւ թեմաթիք այլ հրատարակութիւններ, կային նաեւ անգլերէն գիրքեր, հայերէնով սեղանի խաղեր ու զանազան հետաքրքրական զբաղումներ:
Պէտք է ըսել, որ «Արթ Պրիճ»ը յատուկ տեղ կու տար արեւմտահայերէնով հրատարակութիւններուն եւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած գիրքերն ալ միշտ ներկայ եղած են անոր գրադարակներուն վրայ եւ տարիներու ընթացքին գտած իրենց ընթերցողները:
Սրճարանի խոհանոցը կը ներկայացնէր զանազան ազգերու խոհանոցներու ուտեստներ, իւրայատուկ անուշեղէն, խոտաբոյսերով թէյ, համեղ սուրճ, թարմ հիւթ, մթերքը միշտ տեղական էր եւ այդ ամէնը կարելի էր վայելել օրուան թերթերը ընթերցելով: Այս սրճարանի մշտական յաճախորդը նկատած է, որ «Արթ Պրիճ»ի մէկ անկիւնը միշտ զամբիւղի մը մէջ կոկիկ դարսուած էին օրուան թերթերը, որ Շաքէի որոշմամբ ամէն օր առաւօտ կանուխ տեղւոյն վրայ պիտի ըլլային: Ժամանակին նոյնիսկ թերթ տպած է ինքը՝ սրճարանը, «Արթ Պրիճ»ը ունեցած է իր թերթը, սակայն այդ մէկը կարճ տեւած է… Զարմանահրաշ աշխարհ էր գրախանութի յուշանուէրներու բաժինը՝ հայ վարպետներու ձեռքի ամենաիւրայատուկ զարդերը, ձեռագործ իրերը, պայուսակները, պատի նկարները միշտ ընտրութեան հնարաւորութիւն կու տային՝ տարբերուող իրեր, նուէրներ փնտռողներուն: Երբեմն կարելի էր զարմանալ, թէ այդ փոքր տարածքին մէջ ինչպէ՛ս տեղաւորուած էին այդքան շատ եւ տեսակ-տեսակ իրեր:
«Արթ Պրիճ»ը նաեւ յատկանշական ժամադրավայր եւ հանդիպման վայր եղած է. ինքս, իմ հարցազրոյցներու մեծ մասը կատարած եմ այդտեղ՝ զրուցակիցներուս հետ ժամադրուելով Աբովեան 20 հասցէի վրայ՝ վստահ ըլլալով, որ խաղաղ անկիւն մը միշտ կը գտնուի գաւաթ մը սուրճի շուրջ զրուցելու համար: Իսկ սրճարանի տիրուհին միշտ կ՚անցնէր հարցազրոյցի ընթացքին, կ՚ողջունէր եւ ի միջի այլոց կը հետաքրքրուէր, թէ ո՞վ կ՚ըլլայ հիւրը, կը ծանօթանար: Շաքէն՝ ըլլալով մարդամօտ, տունի տրամադրութիւն կը ստեղծէր սրճարանին մէջ: Կարելի է ըսել, որ ան մայրաքաղաքի սիրուած մարդոցմէ մէկն է, որ համ ու հոտ բերած էր Երեւանին: Իր հիմնած սրճարանը, անկասկած, ճաշակ ձեւաւորած էր, մտածելակերպ փոխած էր եւ գոյն աւելցուած էր քաղաքին:
«Արթ Պրիճ»ը նաեւ Երեւանի առաջին սրճարաններէն եղած է, որ միշտ առաւօտ կանուխ՝ ժամը ութնուկէսին բաց էր եւ այդ մէկը բացառիկ հնարաւորութիւն էր՝ կանուխ ժամերը նախընտրող հիւրերը հոն տանելու համար: Յետոյ արդէն քաղաքին մէջ շատցան կանուխ ժամերուն բացուող սրճարանները, բայց «Արթ Պրիճ»ը մնաց այն լաւագոյն տեղը, որ առաւօտ կանուխ բաց ըլլալէն զատ, նաեւ միշտ պատրաստակամ աշխատակազմ ունէր:
Վերջին երկու տարին Հայաստանի մէջ օրէնք մը ընդունուեցաւ սրճարաններու եւ ճաշարաններու մէջ ծխելը արգիլելու մասին, բայց «Արթ Պրիճ»ի ծխող յաճախորդները լաւ գիտէին, որ այդ սրճարանի դուրսի հատուածը մէկ անկիւնի վրայ անպայման մոխրաման մը դրուած է, թէեւ օրէնք խախտելով, կրնային ծխելու իրենց ցանկութիւնը ձեւով մը բաւարարել եւ ոչ ոք կը յանդիմանէր…
«Արթ Պրիճ»ին մէջ միշտ գործած է նկարիչներու, ստեղծագործողներու աշխատանքներու ցուցադրութիւն-վաճառք եւ պատերուն կախուած գործերը տեւական կը փոխուէին:
Իսկ «Արթ Պրիճ»ի օգտակար գործառոյթներէն թերեւս եղաւ այն բազմաթիւ գիրքերու, հրատարակութիւններու շնորհանդէսները, որոնք 22 տարուան ընթացքին տեղի ունեցան այստեղ։ Շաքէ Հաւան-Կարապետեան՝ ըլլալով արուեստագէտներու բարեկամը, երկու սրահներէն մէկը կամ միւսը միշտ սիրով կը տրամադրէր գրողներուն, շնորհանդէսներէ զատ այնտեղ տեղի կ՚ունենային քննարկումներ, հանդիպումներ եւ այլն:
Շաքէն Երեւան եկած է 1999 թուականին. այն ժամանակ, բնականաբար, քաղաքին մէջ չկային նման սրճարաններ: Ան նախ գտած է տարածքը, յետոյ արդէն տարածքը ինք թելադրած է, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ անոր ներսը: Սկիզբը գործած են մէկ սրահով, յետոյ աւելցած է նաեւ երկրորդ սրահը: Այն տարիներուն նաեւ չկային որակով տպուած գիրքեր, բայց «Արթ Պրիճ»ի դարակներուն վրայ միշտ կը տեսնէինք որակեալ, գունագեղ կողքերով գիրքեր, որոնք կա՛մ դուրսէն կը բերուէին, կա՛մ ալ մասնաւոր հրատարակութիւններու սուղնոց տպագրութիւններն էին: Յետոյ արդէն գիրքի որակի, տեսակի, քանակի, բովանդակութեան մեծ զարգացում եղաւ Հայաստանի մէջ եւ «Արթ Պրիճ» սրճարանն ալ, ջատագով ըլլալով լաւ գիրքի գոյութեան, ձեւով մը մասնակից էր այդ յեղափոխութեան:
Աբովեան փողոցի ամենակեդրոնական հատուածէն ներս գործած է «Արթ Պրիճ»ը եւ հեռուէն արդէն կարելի էր նկատել անոր կարմիր առագաստը, շատ անգամ դուրսը նստած տիրուհին՝ միշտ վայելուչ հագուած եւ շպարուած, անոր, իբրեւ ծանօթի, կ՚ողջունէին նաեւ Աբովեան փողոցէն անցնող-դարձնողները: Ժամանակ մը Շաքէ Հաւան «Արթ Պրիճ»ի մասնաճիւղ բացած է նաեւ Դիլիջանի մէջ, սակայն այդ սրճարան-գրախանութը երկար չէ գոյատեւած՝ զանազան անգիր օրէնքներու չդիմանալով: Հիմա արդէն փակուեցաւ նաեւ այս մէկը:
«Արթ Պրիճ»ի փակուելու մասին յայտարարեց ինքը՝ Շաքէն, բոլորը հրաւիրելով հրաժեշտի միջոցառման՝ ըսելով նաեւ, որ «Արթ Պրիճ»ի գաղափարախօսութիւնը երբեք պիտի չդադրի, ընդամէնը Աբովեան փողոցի սրճարանն է, որ պիտի գոցուի եւ ինքն ու իր համախոհները կը պատրաստուին այլ ձեռնարկումի մը: Արդէն հրաժեշտի եկած այցելուներու շրջանակին մէջ Շաքէ Հաւան յայտարարեց, որ այս սրճարան-գրախանութը թէեւ ինք հիմնած է, բայց այդ մէկը կայացած է միայն ու միայն այցելուներու շնորհիւ եւ առաջին շնորհակալութիւնը ուղղուած էր այցելուներուն, որոնք առիթը չեն փախցուցած՝ սուրճ մը, նախաճաշ մը կամ ճաշ մը վայելելու սրճարանի հիւրընկալ պատերու մէջ: Այցելուները իրենք շնորհակալութիւն կը յայտնէին Շաքէին, որ այս սրճարանին միջոցով ձեւաւորուած է մարդկային անկրկնելի յարաբերութիւններ, որոնք աւելի ջերմ, անկեղծ եւ սերտ դարձած են սրճարանի սեղաններու շուրջ: Շաքէ Հաւան այդ մարդկային յարաբերութիւնները բանաձեւեց իբրեւ յարաբերութիւններու արուեստ, որու կայացման ինք անձամբ ականատես եղած է:
ԻՆՉՈ՞Ւ ԳՈՑՈՒԵՑԱՒ «ԱՐԹ ՊՐԻՃ»Ը
Բնականաբար, ամէն մարդու կը հետաքրքրէր, թէ ինչո՞ւ կը գոցուի այս տաքուկ անկիւնը, առանց որու անհնար է պատկերացնել Աբովեան փողոցի այդ հատուածը: Շատեր արցունքներով, յուզմունքով կու տուային այդ հարցումը: Շաքէ Հաւան նախ ամենակարեւոր հարցումին կը պատասխանէ, որ սրճարանը նիւթական ոչ մէկ խնդիր ունի եւ այդ պատճառով չի գոցուիր: Սովորաբար այդ մէկը պիտի ըլլար առաջին պատճառը, բայց ան աւելի խորքային բացատրութիւն կու տայ՝ ըսելով, որ սրճարանը իր դերը լիուլի կատարած է, աւարտած է անոր կեանքը: «Երբ կը բանայինք, այդ ժամանակ ճիշդ ժամանակն էր նման որակի տեղ բանալու, իսկ հիմա ճիշդ ժամանակն է գոցելու: Ամէն ինչ ժամանակին պիտի ըլլայ, սրճարանը իր առաքելութիւնը կատարած է», խորհրդապահական ձեւով կը բացատրէ Շաքէ Հաւան: Ան նաեւ տողատակերով կը խօսի երեւոյթի մը մասին, որ կը կոչուի գաղափարի գողութիւն կամ կրկնօրինակում: Սրճարանի տիրուհին շատ ցաւօտ կ՚արտայայտուի ատոր մասին՝ ըսելով, որ գաղափարի կրկնօրինակումը լաւ բան չէ, մանաւանդ որ այն կիսատ ձեւով կ՚իրագործուի: Շաքէ Հաւան շատ չի մանրամասներ, բայց շատերս այս մտահոգութեան մէջ կը հասկնանք, որ խօսքը պէտք է ըլլայ քաղաքի կեդրոնը բացուած ուրիշ գրախանութ-սրճարանի մասին, որ հաւանաբար մրցակցային պայմաններու մէջ դրած է «Արթ Պրիճ»ը: Կամ ալ այլ բան նկատի ունի Շաքէն, որ առայժմ մշուշոտ կը հասկցուի:
Շաքէ Հաւան միաժամանակ կը յայտնէ, որ եթէ այսուհետ ուրիշ գաղափար մը փորձէ իրականացնել, ապա այդ մէկը անպայման պիտի ըլլայ նոր, անկրկնելի, ոչ երբեք՝ ընդօրինակութիւն:
Այցելուները Շաքէ Հաւանը անուանեցին նորարար: Ան առաջին անգամ մեր իրականութեան մէջ հայկական տուֆաքարը գործածեց սրճարանային ձեւաւորման մէջ եւ տեղացիներուն ալ յորդորեց՝ չամչնալ Հայաստանի ժայռերէն կտրուած այդ ապարէն եւ զայն հպարտօրէն գործածել ամենատարբեր ձեւաւորումներու մէջ:
«Արթ Պրիճ»ի պատերը ծածկուած են գորշագոյն-կարմիր գոյնի, շատ թեթեւ, ծակոտկէն, դիւրաւ տաշուող հայկական տուֆ քարով, որ Երեւանի եւ Հայաստանի միւս քաղաքներու մէջ մեր աչքին այնքան սովորական դարձած էր, որ երբեք չէինք պատկերացներ, թէ անոր կրակէ կարմիր գոյնը այդքան վայելուչ կրնայ ըլլալ քաղաքի կեդրոնի սրճարանի մը ներքին ձեւաւորումին մէջ:
Շաքէ Հաւանը միաժամանակ նորարար անուանեցին այն բանի համար, որ ան այցելուներուն արտօնած էր գիրքերը, մինչեւ գնելը, սրճարանին մէկ անկիւնը թերթել ուզածին չափ եւ ատկէ յետոյ միայն որոշել՝ գնե՞լ, թէ չէ: Այս սրճարանին մէջ կար նաեւ ուրիշ կանոն մը՝ գնուած գիրքը ընթերցելէ ետք կարելի էր վերադարձնել քիչ գումարով եւ սրճարանը զայն կը վաճառէր իբրեւ գործածուած գիրք:
«Արթ Պրիճ»ի հրաժեշտի միջոցառումին յուզուած էին նաեւ այնտեղի աշխատողները: Անոնք յայտարարեցին, որ ինչ գործ որ ձեռնարկէ Շաքէն՝ անպայման պիտի միանան, քանի որ իրենք զիրենք կայացած կը զգան անոր քով: Կային մատուցողներ, որոնց մայրը 22 տարի առաջ աշխատած է սրճարանին մէջ եւ այսօր իրենք կ՚աշխատին: Այդ մէկը նաեւ սերունդներ կապելու առաքելութիւն է, որ սրճարանը այս տարիներու ընթացքին կատարած է:
«Շնորհակալութիւն տարիներու համար» պաստառ մը կար սրճարանի պատին, ներկայացուած էին լուսանկարներ, անուանի մարդոց այցերէն դրուագներ, տօնական առիթներ: Սրճարանի պատին տակաւին կախուած է բացման տարեթիւն ու ամսաթիւը խորհդանշող տախտակ մը՝ «30.05.2001», իսկ դեկտեմբեր 23-ը «Արթ Պրիճ»ի պատմութեան մէջ մնաց իբրեւ շնորհակալութեան օր: Գոցուեցաւ մեր սիրելի մայրաքաղաքի եւս մէկ նուիրական էջ, որ պիտի դառնայ նոր էջի մը սկիզբը:
Անուշ Թրուանց
Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն / Պոլիս