image
Հրատապ լուրեր:

44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները քննող յանձնաժողովի զեկոյցը ԱԺ քննարկումներու նիստ բերելու իրաւական հիմք չկայ. Ալեն Սիմոնեան

44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները քննող յանձնաժողովի զեկոյցը ԱԺ քննարկումներու նիստ բերելու իրաւական հիմք չկայ. Ալեն Սիմոնեան

Այսօր լրագրողները ճեպազրոյցի ընթացքին հարց ուղղած են Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանին 2020 թուականի սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած 44-օրեայ ռազմական գործողութիւններու հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած քննիչ յանձնաժողովի զեկոյցը լիագումար նիստերու օրակարգ ներառել-չներառելու մասին: 

Սիմոնեանը յայտնած է, որ ինքը Անդրանիկ Քոչարեանին (ՀՀ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի եւ քննիչ յանձնաժողովի նախագահ - խմբ.) ըսած է, որ պէտք է ինչ-որ լուծում գտնուի, եւ իրաւական առումով ինչ խնդիրներ գոյութիւն ունին:

Ան անդրադարձած է մամուլի մէջ տեղ գտած տեղեկութիւններուն, թէ որոշ միտում կայ՝ զեկոյցը չհրապարակելու, նշած է՝ խօսքը ոչ թէ հրապարակել-չհրապարակելու մասին է, այլ հրապարակելու ձեւի:

«Այնուամենայնիւ, զեկոյցը հրապարակուելու է, չի կարող չհրապարակուել, այլ հարց է, թէ դա ինչ ձեւաչափով է արուելու, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ դա մտնէր լիագումար նիստ, չէր կարող եւ չի կարող, միեւնոյնն է, դա լինելու էր փակ ֆորմատով»,- նշած է Սիմոնեանը՝ չբացառելով, որ կրնան փակ ձեւաչափով լսումներ ըլլալ:

Անոր խօսքով՝ հնարաւոր չէ զեկոյց, ուր մեր զօրամասերու, զինուած ուժերու վերաբերեալ տեղեկութիւնները հնչեն ուղիղ եթերով: 

«Հիմա քննարկում ենք, որ իրաւական ձեւակերպում տանք»,- տեղեկացուցած է Ազգային Ժողովի նախագահը՝ առաջարկելով հիմք ընդունիլ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքը՝ յանձնաժողով ստեղծելու մասին:

Լրագրողները յիշեցուցած են, որ Քոչարեանը յայտնած էր, որ համաձայն Հայաստանի Հանրապետութեան «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 25-րդ յօդուածի՝ Ազգային Ժողովի նախագահին ուղարկուած է 44-օրեայ ռազմական գործողութիւններու հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած քննիչ յանձնաժողովի զեկոյցը:  

Ի պատասխան՝ Սիմոնեանը պարզաբանած է՝ պատգամաւորը նախ՝ իրաւական առումով չէ ալ յանձնած զայն:

Ան առաջարկած է դիմել Անդրանիկ Քոչարեանին՝ բացատրութիւններու նպատակով:

«Իր կողմից խնդիր չկայ, սա մեկնաբանութեան խնդիր է: Իր կողմից սխալ է մեկնաբանւում [«Ազգային ժողովի] կանոնակարգ օրէնքը»,- նշած է Սիմոնեանը՝ յայտնելով, որ ունի տուեալ հարցի վերաբերեալ Ազգային Ժողովի պետաիրաւական յանձնաժողովի պատասխանը, Ազգային Ժողովի իրաւաբանական վարչութենէն պատասխան, որոնք «բոլորը միանման են»:

Ճշդող հարցին՝ ինչի հետ կապուած միանման են, Սիմոնեանը պարզաբանած է՝ որ լիագումար նիստեր մտցնելու իրաւական հիմք չկայ, եւ ատոր համար ունի ոչ միայն իր կարծիքը, այլեւ համապատասխան երեք հիմնարկի պատասխանը:

«Պարոն Քոչարեանը կարող է ամէն ձեւ մեկնաբանել, դա իր իրաւունքն է, բայց ես նախադէպային իրաւունքով չեմ առաջնորդուելու»,- աւելցուցած է Ազգային ժողովի նախագահը:

Անոր խօսքով՝ զեկոյցը, եթէ անգամ ներկայացուէր լիագումար նիստերու ընթացքին պիտի ըլլար փակ տրամաբանութեան մէջ: