image

ՄԻՊ-ի պատասխանը Ռուբէն Վարդանեանին՝ «Մանտաթ չունինք»

ՄԻՊ-ի պատասխանը Ռուբէն Վարդանեանին՝ «Մանտաթ չունինք»

Մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեան արձագանգած է Ռուբէն Վարդանեանի՝ Պաքուի մէջ հայ բանտարեալնրուն այց կազմակերպելու կոչին՝ նշելով, որ այդ գործառոյթը իր ղեկավարած կառոյցի լիազօրութիւններու մէջ չէ։ 

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ՄԻՊ լիազօրութիւնները «տարածւում են բացառապէս ՀՀ պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինների կողմից մարդու իրաւունքների ենթադրեալ խախտումները արձանագրելու գործընթացների վրայ՝ անկախ իրաւունքը կրողի ունեցած քաղաքացիութիւնից»։

Ատրպէյճանի ՄԻՊ-ի հետ պայմանաւորուածութեան մասին Մանասեանի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «տարակուսած են», քանի որ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութիւնը չէ ստացած որեւէ պաշտօնական առաջարկ Ատրպէյճանի ՄԻՊ-ի հետ քննարկուող հարցով համագործակցութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ չէ ստացած որեւէ հաստատում այն մասին, որ ատրպէյճանական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է նպաստելու այդ համագործակցութեանը։

«Հարկ է նկատի ունենալ, որ կոնկրետ պետութեան տարածքում իրաւունքների պաշտպանութեան իւրաքանչիւր հարց ընդգրկուած է տուեալ պետութեան օմբուդսմանական / մարդու իրաւունքների ազգային հաստատութեան մանդատի շրջանակներում, հանդիսանում է տուեալ պետութեան օմբուդսմանի գործառոյթը եւ որեւէ կերպ չի կարող պայմանաւորուած լինել այլ պետութեան ՄԻՊ հաստատութեան հետ ունեցած հաղորդակցութեան հանգամանքով»,- նշուած է Անահիտ Մանասեանի յայտարարութեան մէջ։