image

Թեհրանէն կանխազգուշացում «Պիտի պատասխանենք»

Թեհրանէն կանխազգուշացում «Պիտի պատասխանենք»

Իրանի զինուած ուժերը կը գտնուին լիակատար մարտական պատրաստութեան վիճակի մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու յարձակման պարագային անմիջապէս հարուած պիտի հասցնեն «նախապէս որոշուած թիրախներու»։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերու «Խաթամ ալ Անպիա» կեդրոնական շտաբի պաշտօնական ներկայացուցիչ Էպրահիմ Զոլֆաղարին։

«Մեր մարտունակ եւ հզօր ուժերը վաղուց կը գտնուին հարիւր տոկոսով պատրաստ վիճակի մէջ»,– անոր խօսքերը մէջբերած են իրանական լրատուամիջոցները։

Զոլֆաղարին աւելցուցած է, որ «Իսլամական Հանրապետութեան դէմ յարձակման եւ որեւէ գործողութեան» պարագային Իրանի ուժերը «անմիջապէս եւ հզօր կերպով պիտի գրոհեն նախապէս որոշուած թիրախներու վրայ»։

Յայտարարութիւնը կատարուած է այն բանէ ետք, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտնած է, որ պիտի երկարաձգէ Իրանի հետ հրադադարի դրութիւնը, բայց միաժամանակ իրանական նաւահանգիստներու ծովային շրջափակումը պիտի պահպանուի։