Ի՞նչ կ՚արժէ նորը, եթէ մենք չարժեւորենք զայն, չվայելենք անոր տուած բարիքները եւ կամ չկարենանք թօթափել հինը՝ մաշածը, ընկղմած մնալով անցեալի ճահիճին ու տիղմին մէջ: Այսօր դժուար է կանխագուշակել գալիք տարուան ընթացքին մեր ստանալիք բարիքները, նոյնպէս տեղի ունենալիք աղէտները, որոնց դիմաց մենք անզօր ենք, սակայն կրնանք կեդրոնանալ այն բաներուն վրայ, որոնք կարելի է տնօրինել՝ մեր «հին» անձը ենթարկելով ինքնադատութեան եւ արդար հաշուեյարդարի, որմէ ետք մեր սխալները ընդունիլ, սրբագրել, բարելաւել ու հասնիլ «նոր» մարդուն:
Անհատականէն անցնինք մեծ պատկերին՝ մեր հանրութեանը: Այսօր Հայերս աշխարհով մէկ սփռուած ենք, ոմանք ինչքան ալ հեռու ցամաքամասերու մէջ ապրին ու բարեկեցիկ պայմաններ վայելեն, կը մտահոգուին իրենց սփիւռքահայ եղբայրներով, որոնք կ՚ապրին անապահով վայրերու ու պատերազմական պայմաններու մէջ: Անոնք նոյնպէս կ՚անհանգստանան հայրենիքին մէջ տեղի ունեցող ներքին եւ արտաքին քաղաքական իրադարձութիւնններով, տիրող անհամերաշխ մթնոլորտով, անհեռատես ու սահմանափակ նկրտումներով, դրացի երկիրներուն ռազմասէր ու անկուշտ ախորժակներով: Ես քաղաքագէտ չեմ, որ մէկիկ-մէկիկ նշեմ հորիզոնին վրայ ծառացող մտավախութիւնները, ոչ ալ իրաւադատ մը, որ դատաստան կատարեմ, բայց այսօր կրնամ ըսել, որ եկէք ցնցոտիներով մարդուն օրինակէն դաս մը քաղենք եւ նոր տարին դիմաւորենք նոր «զգեստով», նոր ուխտով, նոր հայրենասիրութեամբ, նոր հայեցողութեամբ, նոր կամքով...։ Թօթափենք մեր հին ու խորշելի սովորութիւնները՝ իրարամերժութիւնը, ատելութիւնը, նախանձը, սնապարծութիւնը, եսամոլութիւնը, կարճատեսութիւնը...: Թող որ նոր տարուան սեմին սրբագրենք մեր սխալները, ազատագրուելով մեր հնացած «ցնցոտիներէն» թապուներէն, որպէսզի կարենանք համերաշխութեան հովանիին տակ նստիլ ու հայրենական խնճոյքի սեղանէն միասնաբար վայելել մեզի պարգեւուած անհամար բարիքները:
Որեւէ բանի մը նորը խանդավառող, խորհրդաւոր, հետաքրքրական ու բաղձալի է, միաժամանակ զայն դիմաւորողին կամ ստացողին մօտ դրական ալիքներ կ՚առաջացնէ: Նորը ցանկալն ու սպասելը, նոյնքա՛ն հաճելի է ինչքան զայն ունենալը: Նորը եթէ նոյնիսկ մեր մօտ ժխտական կանխատեսումներ, կամ կասկածներ կը պատճառէ, մենք կը նախընտրենք անտեսել մեր մտավախութիւնները եւ լաւատեսութեամբ ոգեւորուիլ ու յուսադրուիլ:
Այսօր կանգնած ենք նոր տարուան սեմին եւ տոգորուած նոր երազներով ու յոյսերով կը սպասենք անոր գալուստը: Բոլորս ալ ունինք բարեմաղթութիւններու ու ցանկութիւններու ցուցակ մը: Ամէն մէկուն ցուցակը տարբեր առաջնահերթութիւններ կ՚ընդգրկէ, ըստ իր կեանքի պահանջքներուն: Հիւանդը կը խնդրէ առողջութիւն, աղքատը՝ հարստութիւն, տնանկը՝ ապաստանարան, պատերազմական երկիրներու մէջ ապրողները՝ խաղաղութիւն, անորոշութեան մէջ խարխափողները՝ յստակութիւն եւ լուսաւոր ապագայի մը հեռանկարը: Շարքը կ՚երկարի։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, շատեր գրեթէ բոլոր վերոնշեալներուն կարիքը ունին, որպէսզի կարենան ողջ մնալ ու գոյատեւել:
Բնական է, որ դժուար պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդները գանգատին, դժգոհին, պետութեան թերացումները լուսարձակի տակ առնեն եւ առտուընէ մինչեւ իրիկուն իրենք իրենց անբախտ որակեն, քանի որ կամայ թէ ակամայ մնացած են տուեալ երկրին մէջ, ուր իրաւազրկուած, անտեսուած ու լքուած կը զգան: Անոնց ապրած հոգեվիճակը ամենայն հարազատութեամբ կը բացատրէ արաբերէն, ժողովրդական ասացուածքը, որ կ՚ըսէ. «Քեզի աշխարհ բերին ու մոռցան»: Հոս կ՚արժէ անդրադառնալ հակառակ պատկերին՝ հարուստ ու քաղաքակիրթ կոչուած երկիրներուն, ուր տօները կը յիշուին ամենայն շռայլութեամբ ու ծայրայեղ մսխումով: Կարծես թէ մարդկային երեւակայութիւնը ի գործ կը դրուի մտայղանալու միջոցներ, որոնցմով մսխումի մակարդակը կարելի է իր գագաթնակէտին հասցնել: Ինչքա՜ն համեստ էին մեր մանկութեան ամանորները, բայց նոյնքան բերկրալի: Մեծ մօրս տան չիրերու պնակը եւ կրակարանին վրան ճարճատող շագանակը մեր անսահման երանութիւնն էր: Ուրիշ յօդուածով մը կարելի է պատմել այդ մասին, բայց այժմ կ՚ուզեմ այլ պատմուածք մը բաժնեկցիլ, որ անցեալին շատ տպաւորած էր զիս եւ յաճախ կը յիշեմ, երբ որեւէ պարագայի հինն ու նորը՝ կը հանդիպին, կը յաջորդեն զիրար, կը համեմատուին եւ հինէն դասեր կը քաղուին, որոնց կիրարկումով նորը աւելի հեզասահ ու արդիւնաւէտ կը դառնայ:
Ժամանակին թագաւոր մը կար, որ իր պալատին մէջ յաճախակի խնճոյքներ կը կազմակերպէր իր երկրի բնակիչներուն համար: Պարզ մարդիկ պալատ կ՚ուղղուէին եւ կը հիւրասիրուէին առատ ճաշով ու գինիով: Թագաւորին միակ պայմանն էր, որ մարդիկ մաքուր ու կոկիկ հագուած ըլլային: Երբ որ թագաւորէն հրաւէր մը կը հրապարակուէր, երկրին բնակիչները իրենց հագուստները կը լուային, կը նորոգէին, կօշիկները կը մաքրէին, կը փայլեցնէին ու խնամուած սանտրուածքով մասնակից կը դառնային պալատական խնճոյքին:
Աղքատ մարդ մը, որուն միակ սեփականութիւնը ցնցոտիներ էին, խնճոյքին օրը կ՚երթայ պալատ մասնակից դառնալու ընթրիքին: Բնականաբար պահակները կ՚արգիլեն անոր մուտքը: Աղքատը կը վրդովի, կը պոռայ, կը կանչէ ու թագաւորին հասցէին շատ անպատկառ խօսքեր կ՚ըսէ: Թագաւորը պատահարին մանրամասները իմանալով մարդուն ներս կը հրաւիրէ եւ իր սպասեակներէն կը խնդրէ, որ անոր լոգցնեն, գեղեցիկ հագուստներ հագցնեն, մազերը անուշահոտ իւղերով օծեն ու անոր սեղանին ամէնէն պատկառելի տեղը նստեցնեն, միակ պայմանով, որ ցնցոտիները աղբը թափեն: Լոգցած ու պատշաճ հագուստներ հագած մարդը խիստ կը վրդովի, երբ իրեն կ՚առաջարկուի ցնցոտիներէն ձերբազատիլը: Ընդհակառակը ան իր ցնցոտիները գունդի մը կը վերածէ եւ իր զոյգ ձեռքերով գրկած ամուր կը փաթթուի անոր: Թէեւ ան պալատական խնճոյքի սեղանին կը նստի, բայց ոչինչով կրնայ օգտուիլ համադամ ուտելիքներէն կամ առատ գինիէն, որովհետեւ իր ձեռքերը ազատ չէին երկարելու եւ սեղանին վրայ տեղադրուած բարիքները վայելելու: Ամէն անգամ, որ ան կը փորձէր սեղանէն բան մը վերցնել ցնցոտիներուն գունդը վար կը սահէր եւ ան «ստիպուած» ձեռքը ետ կը քաշէր, որպէսզի ցնցոտիներուն խուրձը իր կրծքին մօտ պահէ: Աղքատը տուն կը վերադառնայ շատ գեղեցիկ հագուստներով, բայց անօթի փորով:
Ի՞նչ կ՚արժէ նորը, եթէ մենք չարժեւորենք զայն, չվայելենք անոր տուած բարիքները եւ կամ չկարենանք թօթափել հինը՝ մաշածը, ընկղմած մնալով անցեալի ճահիճին ու տիղմին մէջ: Այսօր դժուար է կանխագուշակել գալիք տարուան ընթացքին մեր ստանալիք բարիքները, նոյնպէս տեղի ունենալիք աղէտները, որոնց դիմաց մենք անզօր ենք, սակայն կրնանք կեդրոնանալ այն բաներուն վրայ, որոնք կարելի է տնօրինել՝ մեր «հին» անձը ենթարկելով ինքնադատութեան եւ արդար հաշուեյարդարի, որմէ ետք մեր սխալները ընդունիլ, սրբագրել, բարելաւել ու հասնիլ «նոր» մարդուն:
Անհատականէն անցնինք մեծ պատկերին՝ մեր հանրութեանը: Այսօր Հայերս աշխարհով մէկ սփռուած ենք, ոմանք ինչքան ալ հեռու ցամաքամասերու մէջ ապրին ու բարեկեցիկ պայմաններ վայելեն, կը մտահոգուին իրենց սփիւռքահայ եղբայրներով, որոնք կ՚ապրին անապահով վայրերու ու պատերազմական պայմաններու մէջ: Անոնք նոյնպէս կ՚անհանգստանան հայրենիքին մէջ տեղի ունեցող ներքին եւ արտաքին քաղաքական իրադարձութիւնններով, տիրող անհամերաշխ մթնոլորտով, անհեռատես ու սահմանափակ նկրտումներով, դրացի երկիրներուն ռազմասէր ու անկուշտ ախորժակներով: Ես քաղաքագէտ չեմ, որ մէկիկ-մէկիկ նշեմ հորիզոնին վրայ ծառացող մտավախութիւնները, ոչ ալ իրաւադատ մը, որ դատաստան կատարեմ, բայց այսօր կրնամ ըսել, որ եկէք ցնցոտիներով մարդուն օրինակէն դաս մը քաղենք եւ նոր տարին դիմաւորենք նոր «զգեստով», նոր ուխտով, նոր հայրենասիրութեամբ, նոր հայեցողութեամբ, նոր կամքով...։ Թօթափենք մեր հին ու խորշելի սովորութիւնները՝ իրարամերժութիւնը, ատելութիւնը, նախանձը, սնապարծութիւնը, եսամոլութիւնը, կարճատեսութիւնը...: Թող որ նոր տարուան սեմին սրբագրենք մեր սխալները, ազատագրուելով մեր հնացած «ցնցոտիներէն» թապուներէն, որպէսզի կարենանք համերաշխութեան հովանիին տակ նստիլ ու հայրենական խնճոյքի սեղանէն միասնաբար վայելել մեզի պարգեւուած անհամար բարիքները:
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան