image

Մայր Աթոռէն ներս Աթէշեանի արարքը դատապարտելու միտումներ կան

Մայր  Աթոռէն ներս Աթէշեանի արարքը դատապարտելու միտումներ կան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի  բարձրագոյն   հոգեւորական պատասխանատուներու մօտ  Արամ Աթէշեան Սրբազանի  վերջին արարքը  դատապարտելու միտումներ կան: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Մայր Աթոռի մօտիկ կանգնած աղբիւրներէ: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ «Գերագոյն  Հոգեւոր Խորհուրդ»ը, որ այսօր  աւարտին  պիտի հասցնէ իր աշխատանքները  եւ յատուկ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս  պիտի գայ, ուր պիտի դատապարտուի  Արամ Արք. Աթէշեանին  Էրտողանի «մեղայական» նաման գրելու երեւոյթը:  Նշենք, որ   երէկ  ընկերային ցանցերու վրայ ստեղծուած էր յատուկ էջ մը, որուն   անդամակցողները  Մայր Աթոռէն կը պահանջէին  կախակայել Արամ Սրբազանի   գործունէութիւնը: