Al Jazeera հեռուստաալիքի թղթակիցը Կազայի մէջ յայտնած է, որ «իսրայէլցի զինուորականները հրկիզած են «Քամալ Ատուան» հիւանդանոցը եւ աւերած հիւանդանոցի զգալի մասը, որ տեղի իշխանութիւններն անուանած են «բարբարոսական»։
Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ իսրայէլցի զինուորականները տարած են հիւանդանոցի տասնեակ աշխատակիցներ, ներառեալ տնօրէն Հուսամ Ապու Սաֆիան, հարցաքննութեան համար։
Շատ հիւնադներու ճակատագիրն անյայտ կը մնայ այն բանէ ետք, երբ զօրքերն ուժով մաքրած են բուժհաստատութիւնը։