image

Մարտունիի մէջ եղած պայթում. Վիրաւորուած է ծխատէր քահանան՝ Տէր Յակոբ Քահանան

 Մարտունիի մէջ եղած պայթում. Վիրաւորուած է ծխատէր քահանան՝  Տէր Յակոբ Քահանան

Մարտունիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից շինութեան մէջ տեղի ունեցած է պայթում․ մէկ անձ տուժած է

 

Մարտունի քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից շինութեան մէջ պայթում տեղի ունեցած է։ Ներքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Նարեկ Սարգսեան յայտնած է, որ դէպքի վայր մեկնած է Մարտունիի հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։

 

Մինչեւ փրկարարներու տեղ հասնիլը, պայթումի հետեւանքով մէկ քաղաքացի փոխադրուած է Մարտունիի բժշկական կեդրոն։ Պայթումը վնասած է շինութեան դուռն ու պատուհանները։

Հրշէջ-փրկարարներն իրականացուցած են հոսանքազրկման աշխատանքներ եւ սահմանազատած տարածքը։

Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով՝ պայթումի հետեւանքով բժշկական կեդրոն փոխադրուած է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ քհնյ. Բարսեղեան։