image
Հրատապ լուրեր:

ՄԱԿ-էն «պախարակիչ» սլաք՝ Ռուսիոյ դէմ

ՄԱԿ-էն «պախարակիչ» սլաք՝ Ռուսիոյ դէմ

Երեխաներու եւ զինուած հակամարտութիւններու հարցերով ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակը 2022 թուականի զեկոյցին մէջ նշած է, որ «զինուած բախումներու իրավիճակներու մէջ երեխաներու նկատմամբ կոպիտ խախտումներ կատարող կողմերը Ռուսիոյ զինուած ուժերն են ու անոնց փոխկապակցուած խումբերը»։ Այս մասին գրած է ТАСС-ը։

Գործակալութիւնը նշած է, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը նշուած չեն այստեղ։

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ ուքրանական զինուած ուժերը ներգրաւուած են երեխաներու մահուան ու վիրաւորման, անօրինական կալանաւորման, անոնց որպէս կենդանի վահան օգտագործելու, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու վրայ յարձակումներու եւ որպէս ռազմական կառոյցներ օգտագործելու մէջ: