Ռուսիոյ մասնագէտները կրնան արագ վերականգնել Հայաստանի երկաթուղիներու հատուածները՝ հարեւան երկիրներու հետ կապ հաստատելու համար՝ յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։
Անոր խօսքով՝ ՀՀ կառավարութեան խնդրանքը Ռուսիոյ մէջ քննարկուած է ամենաբարձր մակարդակով եւ դրական պատասխան տրուած է:
Օվերչուքը նշած է, որ վերջերս ռուսական պատուիրակութիւնը վերադարձած է Երեւանէն, ուր քննարկուած են այդ հատուածներու վերականգնման համար միջոցներու ներգրաւման եւ վերադարձելիութեան պայմանները: Ըստ ռուս փորձագէտներու՝ այդ կարճ հատուածներու վերականգնումը առեւտրական նախագիծ է։