Յիշեցնենք, որ Վիգէն Հայրապետեանը զոհուած է Հալէպի մէջ, 10 փետրուար 2012-ին: Ան բանակի ծառայութիւնը կը կատարէր եւ զոհ դարձաւ իր գտնուած զօրակայանին մերձ եղած ահաբեկչական պայթումի մը:
Երեւանի մէջ մահացած է ճեմարանական սերունդներու երկար տարիներու դաստիարակ, հալէպահայ Ծովիկ Թամերեան Հայրապետեանը (Ծնեալ՝ Հալէպ, 1958)։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ՔԵԱՃ-ի դիմատետրի էջէն։
Հանգուցեալը մայրն էր Սուրիոյ պատերազմի առաջին հայ զոհը համարուող Վիգէն Հայրապետեանի:
Սուրիական պատերազմի պատճառով ընտանեօք հայրենիք տեղափոխուած Ծովինար Հայրապետեանը իր մահկանացուն կնքեց Երեւանի մէջ, 21 մայիս 2021-ին:
Յիշեցնենք, որ Վիգէն Հայրապետեանը զոհուած է Հալէպի մէջ, 10 փետրուար 2012-ին: Ան բանակի ծառայութիւնը կը կատարէր եւ զոհ դարձաւ իր գտնուած զօրակայանին մերձ եղած ահաբեկչական պայթումի մը: