Լրտես՝ Ման մեծ վտանգի դիմելով, եւ սակայն կասկածներու առիթ չտալու միտումով, գործողութենէն ետք մնացած է Պէյրութ շաբաթ մը եւս: Ան նոյնիսկ ցաւակցութիւն յայտնած է ապա գաղտնաբար հեռացած:
«Երբ օդանաւին անիւները վեր բարձրացան Պէյրութի օդակայանի գետնէն, հանգիստ շունչ մը քաշեցի, իսկ երբ վայրէջք կատարեցինք Լոնտոնի Հիթրօ օդակայանը, այն ատեն թեւերս թուլցան ու չկրցայ ոտքի կենալ, սպասեցի քանի մը երկվայրկեան, ապա մեկնեցայ»,- Մանի այս խօսքերը մէջբերած է լրագրող ՝ Ռոնան Պերկման երեք ղեկավարներու սպանութեան մասին գրած իր գրքին մէջ:
Լրահոսին մէջ երեւցած է, Իսրայէլացի լրտեսուհի՝ Եայիլ Մանի մահուան լուրը։ Կը նշուի նաեւ, որ Ման մահացած է Թէլ Աւիւի մէջ եւ ան 85 տարեկան էր։
Ան ապրած է գաղտնի կեանքով մը, անոր անունը հրապարակուած է միայն իր մահէն ետք: Ման եղած է Մոսատի լրտես եւ մեծ դեր խաղցած պաղեստինեան յայտնի երեք ղեկավարներու սպանութեան գործին մէջ, որ տեղի ունեցած է Պէյրութի «Վէրտան» փողոցին մէջ 1973-ին:
«Արեւելք» այս մանրամասնութիւնները կը կարդայ Lebanon debate կայքէն:
Ման ծնած էր Գանատա 1936-ին, փոխադրուած Իսրայէլ 1968-ին, եւ միացած Մոսատին (Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան) մէջ 1971-ին: Ան ուղարկուած է Լիբանան իբրեւ պատմութիւններ ու սենարներ գրող, որ եկած է նկարահանելու վաւերագրական շարժանկար մը Սուրիա եւ Լիբանան ապրող կնոջ մը մասին, Բրիտանական ընկերութեան մը հաշւոյն:
Մանի իսկական առաքելութիւնն էր նախապատրաստել «երիտասարդական աղբիւր» անունով գործողութեան, որու ընթացքին իսրայէլեան իւրայատուկ ջոկատները գլխաւորութեամբ՝ Էհուտ Պարաքին պիտի սպաննէին պաղեստինեան «Ֆաթհ» շարժման երեք գլխաւոր առաջնորդները՝ Քամալ Ատուան, Քամալ Նասէրը եւ Ապու Եուսուֆ Ալ Նաժարը:
Իր կեանքի վերջաւորութեան, վաւերագրական շարժանկարի մը պատրաստութեան ծիրէն ներս, Ման անդրադառնալով լիբանանեան իր այդ օրերուն պատմած է, թէ ինչպէս վարձած էր բնակարան մը Պաղեստինեան ազատագրական շարժումի (ՊԱԿ-PL0) պատկանող շէնքին ճիշդ դիմաց:
Եւ որովհետեւ այդ շէնքին մէջ կը բնակէր առաջնորդներուն մեծ մասը եւ անոնց կարգին երեք «թիրախ» ղեկավարները, ան անձամբ ծանօթացած էր անոնցմէ մէկուն հետ ու նոյնիսկ սուրճ խմած հետը սպաննութենէն օրեր առաջ: Ան նաեւ յայտնած է, թէ լուսանկարած է շատ մը մարնամասնութիւններ երեք ղեկավարներուն վերաբերեալ ու ուղարկած Մոսատին:
1973-ի 10 Ապրիլին, իսրայէլեան ջոկատները յաջողած են ներթափանցել Պէյրութ ծովու վրայով եւ իրականցնել գործողութիւնը, մինչդեռ գործակալուհին հետեւած է կատարուածին իր բնակարանի պատուհանէն: Նշուած է թէ այդ գործողութեան ընթացքին պայթեցուցած են Պաղեստինի ազատագրման ժողովրդական շարժման կեդրոնը, եւ երկու իսրայէլացի զինուորներ սպաննուած:
Լրտես՝ Ման մեծ վտանգի դիմելով, եւ սակայն կասկածներու առիթ չտալու միտումով, գործողութենէն ետք մնացած է Պէյրութ շաբաթ մը եւս: Ան նոյնիսկ ցաւակցութիւն յայտնած է ապա գաղտնաբար հեռացած:
«Երբ օդանաւին անիւները վեր բարձրացան Պէյրութի օդակայանի գետնէն, հանգիստ շունչ մը քաշեցի, իսկ երբ վայրէջք կատարեցինք Լոնտոնի Հիթրօ օդակայանը, այն ատեն թեւերս թուլցան ու չկրցայ ոտքի կենալ, սպասեցի քանի մը երկվայրկեան, ապա մեկնեցայ»,- Մանի այս խօսքերը մէջբերած է լրագրող ՝ Ռոնան Պերկման երեք ղեկավարներու սպանութեան մասին գրած իր գրքին մէջ:
Արաբերէնէ ՝«Արեւելք»ի համար թարգմանեց ՝ Թ.Գ.