Իսրայէլի յարձակումը Կազայի հատուածին վրայ, անկասկած, «ցեղասպանութիւն» է, եւ զայն իրականացնողներուն պէտք չէ թոյլատրուի խուսափիլ պատասխանատուութենէ։ Այս մասին յայտարարած է Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պըն Համատ ալ-Թանին՝ Շուրայի խորհուրդին (Քաթարի խորհրդարան) մէջ իր ելոյթին ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ Քաթարի պետական լրատուական գործակալութենէն (QNA)։
«Պաղեստինի հարցը կը մնայ մեր առաջնահերթութիւններուն առանցքը, եւ մենք կը հաստատենք, որ Կազայի հատուածին մէջ տեղի ունեցածը, անկասկած, ցեղասպանութիւն է, եւ անոր մեղաւորները պէտք չէ խուսափին պատասխանատուութենէ։ Մենք կը զգուշացնենք եղբայրական պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ Իսրայէլի շարունակական յարձակողական գործելակերպէն բխող վտանգներուն մասին։ Անոնցմէ վերջիններն են Արեւմտեան ափի պաղեստինցիներուն դէմ վերաբնակներուն յարձակումները՝ բանակի պաշտպանութեամբ, ինչպէս նաեւ Ալ-Աքսա մզկիթին վրայ բազմաթիւ ներխուժումները եւ միջազգային իրաւունքի ու ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներու բազմաթիւ խախտումները», յայտարարած է էմիրը։
Ան նաեւ նշած է, որ Հորմուզի նեղուցին փակումը եւ Քաթարի մեծագոյն արդիւնաբերական ու ուժանիւթային կեդրոնի՝ «Ռաս Լաֆֆան» արդիւնաբերական քաղաքի վնասուիլը պատճառ դարձած են երկրին արտածումներու զգալի մասի խափանման։
«Քաթար կ՚ապահովէ աշխարհի հեղուկացուած բնական կազի առեւտուրին մօտաւորապէս մէկ հինգերորդը, եւ այս ոլորտին մէջ որեւէ խափանում արագօրէն կ՚ազդէ ամբողջ աշխարհի շուկաներուն եւ սպառողներուն վրայ», նշած է ան։
Միաժամանակ, էմիրը աւելցուցած է, որ ներկայ ճգնաժամէն առաջ Քաթարի վարած քաղաքականութիւնը կարելիութիւն տուած է երկրին մինչեւ օրս մեղմացնելու ճգնաժամին հետեւանքները։
Քաթարի էմիրը նշած է, որ երկրի տնտեսական ոլորտին ներուժը կը շարունակէ աճիլ՝ հակառակ միջազգային իրադրութեան։
Ընդգծելով միջազգային ուժանիւթային շուկային մէջ իր երկրի առանցքային դերը՝ ան շեշտած է, որ Քաթար ներկայ ճգնաժամէն դուրս պիտի գայ աւելի ճկուն եւ համաշխարհային փոփոխութիւններուն յարմարող։
Էմիրը յայտարարած է նաեւ, որ Իրանի կողմէ յարձակումներ գործադրուած են Քաթարի տարածքին դէմ՝ զանոնք որակելով «ինքնիշխանութեան կոպիտ խախտում»։