image

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Գամիշլիի գլխաւոր պատասխանատուին Հետ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Գամիշլիի գլխաւոր պատասխանատուին Հետ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, օրերս, Գամիշլիի Ազգ. Փոխանորդարանին մէջ հանդիպում ունեցած է տարածաշրջանի պատասխանատու տիկ. Ճիհան Հիշամի հետ՝ քննարկելու շրջանի ներկայ կացութեան եւ ծառայողական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր, կարեւորելով Ազգ. Առաջնորդարանին եւ տարածաշրջանի վարչակազմին միջեւ գործակցութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, հանդիպում ունեցաւ Գամիշլի տարածաշրջանի պատասխանատու տիկ. Ճիհան Հիշամի հետ, Գամիշլիի Ազգ. Փոխանորդարանի դահլիճէն ներս։ 

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Յարաբերական Մարմինի պատասխանատու Տիար Վրէժ Եագուպեան, Թեմի Նպաստից Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Տիար Յարութ Հայրապետեան, Գամիշլիի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանի ներկայ կացութեան եւ ծառայողական իրավիճակին առնչուող նիւթերու, կարեւորելով այս ուղղութեամբ համագործակցութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանին եւ տարածաշրջանի վարչակազմին միջեւ։

Սրբազան Հայրը համագործակցութեան ոգիով յաջողութիւն մաղթեց տարածաշրջանի պատասխանատուներուն եւ բարօրութիւն մաղթեց ժողովուրդի զաւակներուն։