image

Լոյս տեսած է Յովսէփ Նալպանտեանի նոր հատորը

Լոյս տեսած է Յովսէփ Նալպանտեանի նոր հատորը

Յունիսի վերջը լոյս տեսած է Յովսէփ Նալպանտեանի «Հայ գիրքը Ամերիկայի մէջ. Յաւելուած»ը: 75 էջ կազմող յաւելուածը կը բաղկանայ մատենագիտութենէ, 327 նոր գիրքերու մանրամասներէ: Այս մասին իր դիմատետրի էջին գրելով տեղեկացնող Յովսէփ Նալպանտեան նաեւ կը նշէ, որ Օգոստոս 10-ին լոյս տեսած է նաեւ իր 16-րդ գիրքը՝  «Հայկական պատմուածքներ» հատոր Ա., որ կը պարունակէ  12 հեղինակի 20 պատմուածքներ: Հատորը կը բաղկանայ 245 էջերէ, ան կազմուած, խմբագրուած եւ հրատարակուած է Յովսէթ նալպանտեանի կողմէ: