image

Լուքաշենքօն նախագահական ընտրութեանց թեկնածու

Լուքաշենքօն նախագահական ընտրութեանց թեկնածու

Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն գրանցուած է որպէս պետութեան ղեկավարի թեկնածու յաջորդ ընտրութիւններուն, որոնք պիտի կայանան 26 յունուար, 2025-ին։

Ինչպէս յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, որոշումն ընդունուած է հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՀ) նիստին։

Լուքաշենքօն Պելառուսիոյ Հանրապետութեան առաջին եւ միակ նախագահն է. ան կը ղեկավարէ 1994 թուականէն մինչեւ հիմա: