Այսօր՝ հայրերու օրուայ առիթով կ՚ուզեմ հօրս՝ Աւօ Տէր Ստեփանեանի յուշերը բաժնեկցիլ եւ հերթաբար պատմել իր արտասովոր եւ յիշատակելի կեանքին մասին:
Մայրս ուզեց վերադառնալ իր ծննդավայրը՝ իր շատ սիրելի Քեսապը: Ետին ձգած յիշատակներ, հողին յանձնած ամուսին եւ զաւակ․․․ Կառչելով այն յոյսին թէ աւելի լաւ կեանք մը կրնար ապահովել իր մէկ հատիկին: Եթովպիան առանց Մարտիրոսին այլեւս տառապանք էր իրեն համար: Եւ այսպէս մենք վերադարձանք Քեսապ, Եսայի քեռիիս հետ:
Յիշատակները որ մտքիս մէջ կ՚այլայլին, մեր ուղեւորութիւնն էր դէպի Իսքէնտէրուն՝ հարս բերելու քեռիիս, Քեսապի կանաչ դաշտերն ու լեռները, հուժկու բազուկներով քեսապցի հողագործները, նաեւ պատկերներ Քեսապի Աւետարանական վարժարանէն, թրքերէն դասագիրքեր եւ ձեռքս փայտի կտոր մը` դասարանին կրակարանին համար ու մօրս քաղցր ժպիտը զիս ճամբելէ առաջ:
Շատ ժամանակ չանցած տնեցիները որոշեցին Պէյրութ փոխադրուիլ` գործի աւելի լաւ առիթներ գտնելու համար, բայց ժամանակը շատ նպաստաւոր չեղաւ, որովհետեւ ֆրանսական զօրքը երկու մասի բաժնուած էր: Բէդանիսթները մէկ կողմէ եւ Տիւկոլիսթները, անգլիացիներուն օգնութեամբ, միւս կողմէ ռմբակոծեցին Պէյրութը:
Խուճապահար դարձեալ վերադարձանք Քեսապ՝ կարճ ժամանակ մը մնալով եւ ահա լուր առինք, թէ մեծ քեռիս՝ Տիրանը ընտանիքով կը վերադառնայ Եթովպիայէն եւ կ՚ուզէ հաստատուիլ Պէյրութ: Եւ անշուշտ մայրս հազիւ այս լուրը լսած կ՚ուզէ միանալ եղբօր ու ահա կրկին Պէյրութ կը գտնուինք:
Հրեաներուն թաղը բնակութիւն կը հաստատենք եւ հրեայ ընկերներ կ՚ունենամ:
Շաբաթ օրերը դրացիները կը կանչէին զիս որ իրենց կրակը վարեմ, կամ լոյսը մարեմ ու պախշիշ կու տային այս գործերը ընելուս համար, եւ ես պարզապէս կը զարմանայի:
Անուշիկ հրեայ աղջիկ մըն ալ կար Եսթեր անունով, որ օր մը ինծի ըսաւ. «Եթէ ինծի 25 ղրուշ տաս, քեզի բան մը կուտամ»: Բայց չունիմ ըսի, միայն 15 ղրուշ ունիմ եւ զգուշութեամբ ղրուշներս հանեցի գրպանէս, իսկոյն խլեց ձեռքէս եւ համբոյր մը դրոշմեց շրթունքներուս վրայ, գլխապտոյտ պատճառելով եւ օրեր մնալով անոր համբոյրին տենչով:
Հրեաները պասքէթպոլի դաշտ մը ունէին որ «Մաքապի» կը կոչուէր, հոն կ՚երթայինք խաղալու: Անշուշտ չէի գիտեր հրեայ, իսլամ, քրիստոնեայ տարբերութիւնները: Բայց ընկերներս կ՚ըսէին թէ աս հրեաները Յիսուսը խաչեցին: ՀՄԸՄ-ի դաշտն ալ քիչ մը աւելի վեր էր, թէնիսի եւ պասքէթի դաշտերով օժտուած: Միշտ հոն էի եւ թէնիս խաղացողներուն գնդակները կը հաւաքէի եւ փոխարէնը՝ դրամ կը ստանայի: Միշտ դրամի մասին կը մտածէի որ մօրս օգնեմ, որովհետեւ ողորմած քոյրս՝ Մարօն, հօրս մահէն ետք, միշտ կ՚ըսէ եղեր թէ վաղը երբ Աւօն մեծնայ, կ՚աշխատի, դրամ կը շահի եւ մեզի պապա կ՚ըլլայ:
Բարդոյթներէ կը տառապէի եւ բաւական կռուազան էի, միշտ կռիւ կ՚ընէի: Մայրս ՀԵԸ սկաուտութեան դրաւ ինծի որովհետեւ հայրս բարեգործական միութեան մաս կազմած էր, բայց դպրոցը պատանի դաշնակցական ընկերներ ունէի եւ Քեսապի Երուանդ քեռիս ալ դաշնակցական էր, չէի գիտեր ինչ էր, բայց ընկերներս ըսին եկուր, ինչ աղուոր երգեր կ՚երգենք, պտոյտի կ՚երթանք եւ զինավարժութիւն կ՚ընենք: Ես ալ անանկ բաներ կը սիրէի սինէմաներէն եւ ուրեմն այսպէս ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամ դարձայ:
•շար. 1