«Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը վարչապետի թեկնածու կ՚առաջադրէ Դաւիթ Համբարձումեանը։ Այս մասին գրած է խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը։
«Հաշուի առնելով Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմնի յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը սոյն թուականի յունիսի 7-ին կայացած նիստում միաձայն որոշեց «Ազգային Ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի համաձայն վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու առաջարկ ներկայացնել՝ որպէս թեկնածու առաջադրելով Մասիս համայնքի ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Խորհրդի անդամ Դաւիթ Համբարձումեանին»,-գրած է Մամիջանեանը։