Իրան- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Թեհրան ժամանեց: Լորան Ֆապիւս ընդունուեցաւ Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆին կողմէ: Նշենք, որ Իրան – 5+1 համաձայնութիւնէն ետք Ֆապիւս երրորդ բարձրաստիճան պատասխանատուն է, որ Թեհրան կը հասնի: Անոր նախորդած էին գերման եւ Եւրոպական Միութեան պատասխանատուներ: Ֆապիւսի այցը նոր էջ պիտի բանայ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն առընթեր մանաւանդ տնտեսական գետնի վրայ: