image

Լորան Ֆապիւս Եւս Թեհրան Պիտի Այցելէ

Լորան Ֆապիւս Եւս Թեհրան  Պիտի  Այցելէ

Ֆրանսա- Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Լորան Ֆապիւս, այսօր՝ Երեքշաբթի 21 Յուլիսին յայտարարած է, թէ յառաջիկայ շաբաթ պիտի մեկնի Իրան, հանդիպելու համար Իրանի Նախագահ՝ Հասան Րուհանիի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Ըստ Ֆապիւսի մօտիկ աղբիւրներու, այցելութիւնը նախատեսուած է 29 Յուլիսին: Ֆապիւս յայտնած է, թէ «զիս հրաւիրած է Իրանի իմ պաշտօնակիցս՝ Մուհամատ Ճաուատ Զարիֆը: Անցեալին ալ հրաւիրած էր զիս, բայց չէի ընդառաջած, իսկ հիմա պիտի երթամ, որովհետեւ երթալուս բոլոր պայմանները յարմար են»: Ան աւելցուցած է նաեւ. «Կը կարծեմ, որ յետ այսօւ Իրանն ու Ֆրանսան պէտք է բնականոն կապեր ունենան համաձայնագիրի կնքումէն յետոյ»: Ֆապիւս նաեւ ըսած է. «Ամէն բանի մասին պիտի խօսիմ այնտեղ: Անցեալին, Ֆրանսան կարեւոր դեր ունեցած է Իրանի մէջ, եւ իրանցիներն ալ գոհ եղած են ատկէ»: Յայտնենք, որ Ֆապիւի այցելութիւնը երկրորդն է արեւմուտքցի բարձրաստիճան պաշտոնիայի մը՝ Իրանի եւ 5+1 երկիրներու միջեւ կնքուած  պատմական համաձայնագրէն յետոյ: Առաջինը, Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարար՝ Սէկմար Գաբրիէլինն էր: