image

Լիբանանահայ սրնգահար Թամար Էսքէնեան՝ Պոլիս կ՚այցելէ 

Լիբանանահայ սրնգահար Թամար Էսքէնեան՝ Պոլիս կ՚այցելէ 

Օրերս Պոլիս գտնուած եւ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրատուն այցելած է Զուիցերիայէն Պոլիս ժամանած Կոմիտաս վարդապետի ազգական եւ երաժշտուհի, սրնգահար՝ Թամար Էսքէնեանը։

Ան նաեւ Լուսաւորիչ երգչախումբի 95-ամեակի միջոցառումներու շրջածիրէն ներս հանդէս եկած է համերգով, ձօնուած՝ Կոմիտասի ծննդեան 155-ամեակին եւ կը կայանայ գծով։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մեր պաշտօնակից թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սրնգահար Թամար Էքսէնեանը, որ Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքին մէջ կ՚ապրի, որ այս օրերուն համերգի մը առթիւ կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Այցելութեան ընթացքին Թամար Էքսէնեանին ընկերացան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Գաւաֆեան եւ մշակութային գործիչ Պեսսէ Քապաք։

Այս շաբաթավերջին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է համերգ մը՝ Թամար Էքսէնեանի մասնակցութեամբ։ Այս ձեռնարկը ձօնուած է մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի 95-ամեակին։ Թամար Էքսէնեան այս համերգը պիտի իրականացնէ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին հետ, Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ եւ Ռոպէր Տողանայի դաշնակի ընկերակցութեամբ։ Համերգին պիտի մասնակցի նաեւ դհոլահար Սեւան Կարապետօղլու։

Երէկուան զրոյցի ընթացքին Թամար Էքսէնեան ուրախութիւն յայտնեց, որ առաջին անգամ Պոլիս կու գայ եւ այս պատմական քաղաքին մէջ ելոյթ ունենալու հնարաւորութիւնը գոյացած է։ Էքսէնեան, որ ծնած է Լիբանանի մէջ, Պազէլի մէջ հնադարեան երաժշտական կեդրոնէ մը ներս կը շարունակէ իր գեղարուեստական գործունէութիւնը։ Իր մօր ընտանիքի արմատները կը հասնին Կուտինա եւ ան Կոմիտաս Վարդապետի շառաւիղն է։ Այս հանգամանքը կարեւոր իմաստ մը կը վերագրէ մօտալուտ համերգին՝ քանի Պոլիսը եղած է Կոմիտասի գործած հիմնական միջավայրերէն մին։

«Երաժշտութեան միջոցաւ կ՚ուզեմ մարդիկ կապել Աստուծոյ հետ եւ իմ սէրը կը բաժնեմ մարդոց հետ», ըսաւ ան խմբագրատունս այցելութեան ընթացքին։

Մինչ այդ, Թամար Էքսէնեան երէկ այցելեց Կեդրոնական վարժարան, ուր հիւրընկալուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Այցելութեան ընթացքին իրեն համար բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ՝ տեսնել այն դաշնամուրը, որով նուագած է մեծն Կոմիտաս Վարդապետը։ Մնաց որ, Կոմիտաս Կեդրոնականի աշակերտութեան հետ ալ կարեւոր աշխատանք տարած է իր ժամանակաշրջանին, բազմաձայն երգչախումբի աշխատութեանց հիմքերը դրած։

Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան ջերմօրէն ողջունեց Թամար Էքսէնեանը՝ ներկայութեամբ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի։ Յակոբ Մամիկոնեան, որ Կեդրոնականի երաժշտութեան ուսուցիչն է, նուագեց Կոմիտասի դաշնամուրով եւ Թամար Էքսէնեան իրեն ընկերացաւ շուիով։ Հիւր արուեստագիտուհին աշակերտներու հետ զրուցելու ընթացքին խօսեցաւ հայկական աւանդական նուագներու եւ ձայնագրութիւններու մասին։

Թամար Էքսէնեան վառ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առաւ Կեդրոնականէն։