Ճէյմըս Պոնտի թիկնոցներով ու դաշոյններով աշխարհը լեցուն է ինքնաշարժներու հետապնդումներով, ատրճանակներու եւ զանազան զէնքերու մարտերով ու քանդումներու նիւթերով: Այդ անշուշտ արկածախնդրական շարժապատկերներու մէջ է: Հետախուզական նիւթեր հաւաքելու իրական աշխարհին մէջ լրտեսները յաճախ կրնան աւելի շատ վնաս հասցնել շարժական սկաւառակի մը միջոցով, քան ատրճանակը, իսկ լուսանկարող գործիքը աւելի հզօր է, քան` սուրը կամ զէնքը:
Ահաւասիկ` պատմութեան նշանաւոր հետախոյզներէն անուններ, ցանկէ մը, որ առաջին անգամ յայտնուած է Պրիթանիքա Պլոկ կայքին մէջ:
Կոյս թագուհիին լրտեսներուն վարպետը
Սըր Ֆրենսիս Ուոլսինկհեմ
Հանդիպելով ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներու, Էլիզապէթ Ա. թագուհին դիմեց Ֆրենսիս Ուոլսինկհեմին` իր արտաքին քաղաքականութիւնը վարելու համար:
Թէեւ ան ինքզինք իբրեւ հմուտ պետական գործիչ դրսեւորեց, սակայն թագուհիին կեանքի դէմ դաւադրութիւնները յայտնաբերելու եւ ձախողեցնելու անոր կարողութիւնն էր, որ անոր տեղ կը յատկացնէ այս ցուցակին մէջ:
Ֆրենսիս Ուոլսինկհեմին զգօնութիւնը բացայայտեց Ֆրենսիս Թրոքմորթոնի դաւադրութիւնը, որ կը ներառէր Ֆրանսան եւ Սպանիան` ազատելու Էլիզապէթի բանտարկեալը` կաթողիկէ Մերի Սթիուարտը (Սկովտիոյ Մերի թագուհին):
Երեք տարի ետք Պապինկթոնի դաւադրութիւնը բացայայտելով, ան գտաւ Մերիի նամակը` Էնթոնի Պապինկթոնին, որ լիակատար աջակցութիւն կը յայտնէր Էլիզապէթի սպանութեան ծրագրին:
Այս բացայայտումով Մերին մահապատիժի ենթարկեցին 1587 թուականի փետրուարին, բան մը, որուն համաձայն էր Ուոլսինկհեմ:
Ճենթըլմեն լրտեսը
Քազանովա Ճիաքոմօ
Ճիովաննի Ճիաքոմօ Քազանովան կ՛ապաւինէր իր այժմ արդէն առասպելի կարգ անցած հմայքին` հաստատուելու որպէս իտալացի արկածախնդիրներու իշխան, եւ անոր սիրային սխրագործութիւնները Քազանովա անունը դարձուցին «ազատութեան» հոմանիշ:
Անոր ինքնակենսագրութիւնը, որ հաւանաբար կը չափազանցէ անոր որոշ փախուստները, 18-րդ դարու հասարակութեան հիանալի նկարագրութիւնն է Եւրոպայի մայրաքաղաքներուն մէջ:
Հռչակաւոր վերջին բառեր
Ֆրետերիք ՄաքՄոնիս.Նաթան Հէյլ
Ամերիկեան բանակի սպայ Նաթան Հէյլ ամերիկեան յեղափոխութեան ժամանակ լրտեսի համեմատաբար կարճ ասպարէզ ունեցած է, բայց ան ամէնէն շատ յայտնի է մահապատիժի ժամանակ իր կեցուածքով:
Բրիտանական գիծերու ետին գերի ինկած եւ կախաղանի դատապարտուած Հէյլին, կ՛ենթադրուի, որ իր մահէն առաջ ըսած է. «Ես շատ կը ցաւիմ, որ միայն մէկ կեանք ունիմ կորսնցնելու իմ երկրիս համար»:
Այս արտայայտութիւնը նման է Ժոզեֆ Ատիսոնի «Քատօ» թատերախաղին:
Բրիտանացի սպաներէն մէկուն օրագիրին մէջ, որ գրուած է Հէյլի մահապատիժին օրը, կ՛ըսուէր. «Ան կանգնած էր մեծ հանդարտութեամբ եւ վճռակամութեամբ` ըսելով, որ կը խորհի, թէ իւրաքանչիւր լաւ սպայի պարտքն է հնազանդիլ իր գլխաւոր հրամանատարի որեւէ հրամանին, եւ կ՛ուզէր, որ ներկաները միշտ պատրաստ ըլլան դիմաւորելու մահը, ինչպիսի ձեւով որ այն յայտնուի»:
Յեղափոխական դաւաճան մը
Ճոն Անտրէ
Բրիտանական բանակի սպայ Ճոն Անտրէն ամերիկեան յեղափոխութեան ժամանակ ծառայած է որպէս բրիտանացի գլխաւոր հրամանատար զօրավար սըր Հենրի Քլինթընի գլխաւոր հետախուզական սպայ:
Անտրէի ամէնէն ուշագրաւ յաջողութիւնը դարձաւ յաջողիլ բռնել ամերիկացի դասալիք Պենետիկտ Առնոլտը, որ հիասթափուելով ամերիկեան դատէն` համաձայն գտնուեցաւ 20 հազար ստերլինով Ուեսթ Փոյնթը յանձնել բրիտանացիներուն:
Ամերիկացի զինեալներ երբ ձերբակալեցին Անտրէն, Առնոլտ փախաւ` ձգելով, որ Անտրէն կախաղան բարձրացնեն որպէս լրտես:
Անտրէի զոհաբերութիւնը Առնոլտը նողկալի դարձուց իր ապագայ դաշնակիցներուն աչքին:
Հարաւային գեղեցկուհի
Պել Պոյտ Belle Boyd.
Մեծ նախագիծի մը համաձայն, դաշնակցային լրտես Պել Պոյտ քիչ ներդրում ունեցաւ Հարաւային պատերազմի ջանքերուն մէջ Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ:
Լսելով, որ Միութեան սպաները կը քննարկէին նահանջի իրենց ծրագիրները, ան երկու բանակներու առաջին գիծերէն յաջողեցաւ անցնիլ` այդ ծրագիրները փոխանցելու դաշնակցային զօրավար Սթոնուոլ Ճեքսընին:
Պել Պոյտի հետագայ սխրագործութիւնները նուազ յատկանշական էին, բայց դեռահաս աղջկան կերպարը, որ հարաւային ազնուականութեան նուրբ անդամ էր, հանդէս կու գար որպէս լրտես, գրաւիչ էր ամերիկեան հանրութեան համար:
Ան շարունակեց չափաւոր յաջող ասպարէզը` որպէս դերասանուհի եւ դասախօս:
Femme Fatale, կամ` անարդարօրէն դատապարտուա՞ծը
Մաթա Հարի
Մաթա Հարի անունը փաստօրէն սղագրութիւն է կատաղի գայթակղուհիի համար, որ կ՛օգտագործէ գեղեցկութիւնն ու կանացի նենգութիւնները` տեղեկատուութիւն ստանալու: Բայց ի՞նչ էր Մաթա Հարիի իրական ոճիրը: Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ան անշուշտ գայթակղիչ կին մըն էր, որ բազմաթիւ սիրահարներ ունէր:
Սակայն անոր լրտեսական գործունէութեան վերաբերեալ փաստերը կը մնան անյայտ:
Ըստ վկայութեան մը, 1916 թուականի գարնան, երբ ան կը բնակէր Լա Հէյի մէջ, Գերմանիոյ հիւպատոս մը առաջարկած է անոր վճարել այն տեղեկատուութեան համար, որ ան կրնայ ստանալ Ֆրանսա իր յաջորդ այցելութեան ժամանակ:
Ան ֆրանսացիներու կողմէ ձերբակալուելէ ետք միայն խոստովանեցաւ, որ որոշ հին տեղեկութիւններ տուած է գերմանական հետախուզութեան աշխատակիցին: Գերմանական կառավարութիւնը հրապարակաւ արդարացուց Մաթա Հարին 1930 թուականին, եւ անոր գործունէութիւնը փաստող ֆրանսական թղթածրարը, ըստ տեղեկութիւններու, կը վկայէր անոր անմեղութեան մասին:
Պաղ պատերազմի զոհեր
Ճուլիոս եւ Էթել Ռոզենպերկներ
Երբ 1950 թուականին Բրիտանիոյ մէջ բացայայտուեցաւ Քլաուս Ֆուքսի լրտեսական գործունէութիւնը, ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ անոր համախոհներուն վրայ: Հետքը ի վերջոյ յանգեցուց ամերիկացի Ճուլիուս եւ Էթել Ռոզենպերկներուն, որոնք Խորհրդային Միութեան մանրամասն տուեալներ տրամադրած էին հիւլէական ռումբի կառուցման մասին:
Էթելի եղբայրը, որ Մանհաթընի նախագիծին մէջ մեքենավար էր, ռոզենպերկներուն տրամադրեց տեղեկատուութիւնը, սակայն ան հետագային գործակցեցաւ պետութեան հետ եւ ծառայեց որպէս մեղադրող կողմի հիմնական վկայ, անոնց լրտեսութեան դատավարութեան ժամանակ:
Մահուան դատավճիռը արձակուելէ ետք անոնց ներում շնորհելու համար լայնածաւալ բողոքներ եղան, իսկ մահապատիժներէն ետք, տասնամեակներ շարունակ զգալի բանավէճեր եղան անոնց մեղաւորութեան մասին: Այս հակասութիւնը հիմնականին մէջ լուծուեցաւ 1990-ականներու սկիզբը` Խորհրդային Միութեան համայնավարութեան անկումէն եւ խորհրդային հետախուզութեան տեղեկատուութեան հրապարակումէն ետք, որ կը հաստատէր ռոզենպերկներուն մասնակցութիւնը լրտեսութեան:
Քեմպրիճի լրտեսական ցանցը
Քեմպրիճի համալսարան
Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի ամէնէն վնասակար (կամ արդիւնաւէտ, կախուած` ազգային հաւատարմութենէն) լրտեսական ցանցերէն մէկը իր սկիզբը ունեցաւ 1930-ականներուն Քեմպրիճի համալսարանին մէջ, ուր բարձրագոյն դասարանի խումբ մը դժգոհ երիտասարդներ հաւաքագրուեցան խորհրդային գործակալներ դառնալու համար:
Չորս երիտասարդներ` Կայ Պուրճես, Քիմ Ֆիլպի, Տանըլտ Մաքլին եւ Էնթընի Պլանթ, տասնամեակներ անցուցած են իշխանութեան տարբեր պաշտօններու վրայ` աշխատելով MI5-ի եւ MI6-ի, նաեւ դեսպանական պաշտօններու վրայ, եւ իւրաքանչիւրը կ՛օգտագործէր իր դիրքը` Խորհրդային Միութեան գաղտնի տեղեկատուութիւն փոխանցելու համար:
Երբ 1950-ականներուն ցանցը բացայայտուեցաւ, անթիւ պետական գաղտնիքներ արտահոսած էին:
Պ. Թիթեռնիկ
Շի Փէյ Փու
Լրտեսութեան պատմութեան մէջ ամէնէն արտասովոր դէպքերէն մէկը օփերային չին երգչուհի Շի Փէյ Փուն էր: Շին 1964 թուականին Փեքինի մէջ հանդիպեցաւ Ֆրանսայի դեսպանատան աշխատակից Պեռնար Պուրսիքոտին, երբ դիւանագէտներու ընտանիքներուն չինարէն կը սորվեցնէր: Շին համոզեց Պուրսիքոտը, որ ինք իրականութեան մէջ տղամարդու կերպարանքով քողարկուած կին է, եւ անոնք սկսան սիրային կապ, որ շարունակուեցաւ 20 տարի, այդ ընթացքին Շին նոյնպէս ըսաւ Պուրսիքոտին, որ յղիացած եւ զաւակ ունեցած է: Պուրսիքոտ Շիի միջոցով Ֆրանսայի դեսպանատան 150 փաստաթուղթ փոխանցած է չինական գաղտնի ծառայութեան` նախքան 1980-ականներու սկիզբը Ֆրանսա վերադառնալը:
Շին եւ անոր «զաւակը», որ ան գնած էր Չինաստանէն բժիշկէ մը, միացան Փարիզի «Պուրսիքոտին», ուր Շին իր մշակութային ելոյթներով ընդունուեցաւ ֆրանսական համայնքին մէջ, նոյնիսկ` պատկերասփիւռային ելոյթով:
Երկուքը ձերբակալուեցան 1983 թուականին եւ մեղադրուեցան լրտեսութեան մէջ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը դատապարտուեցաւ վեց տարուան բանտարկութեան, սակայն քանի որ ընդունուած փաստաթուղթերը քաղաքական նուազագոյն նշանակութիւն ունէին, 11 ամիս ետք երկուքին ալ ներում շնորհուեցաւ եւ ազատ արձակուեցան:
Ներքին դաւաճան
Ամես Ալտրիճ
Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (Սի.Այ.Էյ.) վերլուծաբան Օլտրիչ Էյմսը հաւանաբար Պաղ պատերազմի ամէնէն յաջող խորհրդային կրկնակի գործակալն էր:
Մեղադրուած ըլլալով հակահետախուզական գործողութիւններու մէջ (խորհրդային լրտեսներու բացայայտման եւ Սի.Այ.Էյ.-ի տեղեկութիւններու հաւաքագրման համար), Էյմսն իր գիտելիքները օգտագործեց Խորհրդային Միութեան մէջ Սի.Այ.Էյ.-ի գործողութիւնները ձախողեցնելու համար: Սի.Այ.Էյ. առնուազն 10 գործակալ Խորհրդային Միութեան մէջ մահապատիժի ենթարկուած են Էյմսի լրտեսութեան պատճառով:
Ի վերջոյ, ան բացայայտեց Խորհրդային Միութեան մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր գործակալի անունը (1991 թուականէն ետք, Ռուսիա):
Երբ Էյմս եւ անոր կինը ձերբակալուեցան 1994 թուականին, անոնք ստացած էին աւելի քան 2,7 միլիոն տոլար, որ Խորհրդային Միութեան կամ Ռուսիոյ կողմէ վճարուած ամէնէն մեծ գումարն է որեւէ ամերիկացիի` լրտեսութեան համար:
Պատրաստեց՝ Նարէ Գալեմքէրեան
«Ազդակ»