Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի ահազանգ մը հնչեցնելով խօսած է Լիբանանի գլխաւոր տագնապին՝ սուրիացի փախստականներու հարցին մասին: Հարիրի եւ յայտնելով իր մտավախութիւնները բառացիօրէն ըսած է «Լիբանան վերածուած է մեծ գաղթակայանի մը»: Յիշեցնենք, որ մինչեւ Սուրիոյ պատերազմին սկիզբը լիբանանցիներ տարբեր առիթներով դժգոհութիւն յայտնած էին Լիբանան հասած մեծաթիւ սուրիացիներու գոյութեան մասին, որոնք աշխատանքի համար Պէյրութ կը հասնէին ու հակառակ ոչ մէկ արտօնութիւն ունենալու «կը կիսէին» լիբանանցի աշխատաւորին եւ առեւտրականին «հաց»ը: Ի դէպ վերջին տուեալներուն համաձայն երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող Լիբանանի բանկչութեան այսօրուան թիւը հասած է հինգ միլիոնի, որուն մէկ ու կէս միլիոնը սուրիացի փախստականներ են:
Չմոռնանք, որ մեծ թիւով սուրիացիներ ալ ցարդ կ'ապրին վրաններու տակ եւ կը գտնուին բաւական ծանր վիճակներու մէջ:
Մինչ Լիբանանի կառավարութիւնը կ'ակնկալէ միջազգային համայնքին աջակցութիւնը օգնելու համար սուրիացի փախստակններուն, անդին եւրոպական համայնքը կը շարունակէ խուսափիլ եւ հրաժարիլ Լիբանանին իր տուած «խոստումներ»էն: