image

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոն եւ Իրաքի փոխվարչապետ՝ Հիւսէյնին անդրադարձած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոն եւ Իրաքի փոխվարչապետ՝ Հիւսէյնին  անդրադարձած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքո Ռուպիո Ուաշինկթընի մէջ ընդունած է Իրաքի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հուսէյնին։

Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պարունակին մէջ Իրաքի ինքնիշխանութեան կարեւորութիւնը։ Ռուպիո բարձր գնահատած է տարածաշրջանի լարուածութիւնը թուլցնելու եւ կառուցողական երկխօսութեան նպաստելու ուղղութեամբ Իրաքի գործադրած ջանքերը։

Անդրադարձ եղած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրաքի միջեւ տնտեսական գործակցութեան զարգացման, առեւտուրի եւ ներդրումներու յաւելումի հեռանկարին։ Ռուպիո յիշեցուցած է, որ օրերս Պաղտատը հիւրընկալած է Միացեալ Նահանգներու առեւտրային առաքելութիւնը, եւ կնքուած են ամերիկեան ընկերութիւններու հետ միլիառաւոր տոլարներու համաձայնագիրներ: