Լիբանանի «Ըքլիմ ալ թֆահ» շրջանին մէջ հազուագիւտ երեւոյթ մը նկատուած է։
Գիւղացիներէն մին յայտնած է, որ իրենց մօտ միաչքանի ուլիկ մը ծնած է։
Ան նաեւ յայտնած է, որ բաւական երկար տեւած ծննդաբերութեան աւարտին պարզ դարձած է, որ ուլը միաչքանի է։
Վերջինս դիմած է կենդանական առողջապահութեան մարմնին ներկայացնելով իրավիճակը, իսկ վերջիններս յայտարարած են, որ երեւոյթը եղած է յղի անասունին մօտ առկայ «Ֆոլիք» տեսակի ասիտի պակասին հետեւանքով։
Լիբանանի մէջ. Միաչքանի ուլ ծնած է @arevelk1 pic.twitter.com/X74NQI0Vog
— arevelk.am (@arevelk1) April 18, 2023