image

Իրանի մէջ մեկնարկած են «Ճան Ֆատա» լայնածաւալ զօրավարժութիւնները՝ 313 000 անձնակազմի մասնակցութեամբ

Իրանի մէջ մեկնարկած են «Ճան Ֆատա» լայնածաւալ զօրավարժութիւնները՝ 313 000  անձնակազմի  մասնակցութեամբ

Իրանի մայրաքաղաքին մէջ մեկնարկած են «Ճան Ֆատա» («Պատրաստ ենք զոհաբերութեան») ժողովրդական-զինուորական լայնածաւալ զօրավարժութիւնները, որոնց կը մասնակցի 313 հազար մարդ։ Զօրավարժութիւնները տեղի կ՚ունենան «Լապպէյք եա Խամենէի» («Մենք կ՚արձագանգենք քու կոչիդ, Խամենէի՛») կարգախօսի ներքոյ։

Այս մասին կը հաղորդէ IRNA գործակալութիւնը։

Ինչպէս յայտարարած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի Զօրահաւաքի կազմակերպման («Պասիճ») ղեկավար Հոսէյն Թայէպ, զօրավարժութիւնները կոչուած են ցուցադրելու ազգային բարձր տոկունութիւնը, հասարակութեան համախմբուածութիւնը եւ երկրի պատրաստակամութիւնը՝ արտաքին սպառնալիքներու եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ճնշումներու պայմաններուն մէջ ապահովելու կայուն անվտանգութիւն։

Թայէպի խօսքով՝ ժողովրդական պաշտպանութեան կազմակերպումը կը մնայ որեւէ հնարաւոր յարձակողի զսպման առանցքային գործօնը։