image

Լիբանանի մէջ. Միաչքանի ուլ ծնած է

 Լիբանանի մէջ. Միաչքանի ուլ ծնած  է

 

 Լիբանանի  «Ըքլիմ ալ թֆահ» շրջանին մէջ   հազուագիւտ   երեւոյթ մը նկատուած է։

 Գիւղացիներէն մին յայտնած է, որ իրենց մօտ միաչքանի ուլիկ մը ծնած է։ 

 Ան նաեւ   յայտնած է, որ բաւական երկար  տեւած  ծննդաբերութեան աւարտին պարզ  դարձած է, որ ուլը միաչքանի  է։

 Վերջինս  դիմած է     կենդանական  առողջապահութեան մարմնին  ներկայացնելով իրավիճակը, իսկ վերջիններս  յայտարարած են, որ երեւոյթը  եղած է   յղի  անասունին մօտ առկայ «Ֆոլիք»  տեսակի ասիտի  պակասին  հետեւանքով։