image

Լիբանանի հրետակոծութեան հետեւանքով ՄԱԿ-ի 4 խաղաղապահ տուժած է. Իսրայէլը հերքած է իր առնչութիւնը

Լիբանանի հրետակոծութեան հետեւանքով ՄԱԿ-ի 4 խաղաղապահ տուժած է. Իսրայէլը հերքած է իր առնչութիւնը

Լիբանանի հարաւային շրջաններու հրետակոծութեան հետեւանքով ՄԱԿ-ի չորս դիտորդ վիրաւորուած է: 

Այս մասին յայտնած է Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Լիբանան տեղակայուած ՄԱԿ-ի առաքելութեան (UNIFIL) ներկայացուցիչները։ 

Գործակալութեան աղբիւրներն աւելի վաղ  յայտնած էին, որ ՄԱԿ-ի դիտորդները տեղափոխող ինքնաշարժը թիրախաւորած հարուածի հեղինակը Իսրայէլի բանակն է։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հերքած է այս մեղադրանքները՝ նշելով, որ 30 մարտին Լիբանանի հարաւային շրջաններուն հասցուած հարուածներուն հետ որեւէ առնչութիւն չունի։