image

Կլենտէյլի մէջ. Երկու հայ եղբայրներ՝ վեց կեանք փրկած հերոսներ

Կլենտէյլի մէջ. Երկու հայ եղբայրներ՝ վեց կեանք փրկած հերոսներ

Օրերս Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ տարեցներու խնամքի կեդրոնի մը մէջ հրդեհ բռնկած է։ Երբ շէնքը կրակի ու թանձր ծուխի մէջ կը գտնուէր, 20-ամեայ Ալեքս Պազինեանն ու իր 15-ամեայ եղբայրը՝ Նարեկ Պազինեանը, առանց վարանելու ներս մտած են՝ օգնութեան հասնելու այնտեղ գտնուող տարեցներուն։

 

 Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

Եղբայրները կրակի եւ ծուխի միջէն մէկ առ մէկ դուրս բերած են վեց տարեց բնակիչներ եւ օգնած՝ զանոնք ապահով վայր հասցնելու։

Փրկարարներու հասնելէն առաջ անոնց ցուցաբերած քաջութիւնը վճռորոշ եղած է։ Հրդեհին հետեւանքով շէնքը ծանր վնասուած է, իսկ իշխանութիւնները կը քննեն հրդեհին պատճառները։

Երկու հայ երիտասարդներ։ Վեց փրկուած կեանքեր։ Քաջութեան բացառիկ արարք մը։

Ալեքսն ու Նարեկը իրենց արարքով անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ իսկական հերոսութիւնը բառերու մէջ չէ, այլ՝ այն պահուն, երբ ուրիշի կեանքը փրկելու համար առանց վարանելու կը մտնես վտանգին մէջ։