Խարկ կղզիին մէջ կացութիւնը հանգիստ է, նաւթի հետ կապուած աշխատանքները չեն դադրած, յայտարարած է Իրանի ազգային նաւթային ընկերութեան գործադիր տնօրէն Համիտ Պովարտ՝ արձագանգելով ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն յայտարարութեան, որ կղզիին ուժգին հարուածներ կը հասցուին։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Nournews-ի հրապարակումը։
Պովարտ հերքած է, որ Իրանի նաւթային գլխաւոր կեդրոնը կը քանդուի, ինչպէս պնդած էր Թրամփը Truth Social հարթակին վրայ կատարած գրառումով։
«Թրամփի գրառումները ծիծաղելի են, իսկ Խարկի մէջ կացութիւնը հանգիստ եւ բնականոն է»,– ըսած է ան։
Պաշտօնեան աւելցուցած է, որ կղզին անցեալին բազմիցս ռմբակոծուած է ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ուժերու կողմէ, սակայն նաւթային աշխատողները թոյլ չեն տուած, որ աշխատանքները դադրին «նոյնիսկ մէկ վայրկեանով»։
Պովարտ աւելցուցած է, որ կապալառուները ներկայիս կը վերակառուցեն եւ կ՚արդիականացնեն պահեստային պահեստարաններն ու նաւամատոյցները։
Խարկ կղզիին մէջէն կ՚անցնի իրանական նաւթի արտահանման 90 տոկոսը։ Թրամփ յայտարարած էր, որ կղզին «փշուր-փշուր կ՚ըլլայ»։