image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները Փաշինեան-Փութին հանդիպումէն ետք

Խմբագրական «Մասիս»ի. Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները Փաշինեան-Փութին հանդիպումէն ետք

Յառաջիկայ դեկտեմբերին կը սպասուին Հայաստան մատակարարուող ռուսական կազի շուրջ նոր բանակցութիւններ, եւ մեծ է հաւանականութիւնը, որ կազի գինի բարձրացումը յայտնուի օրակարգի վրայ՝ աւելի եւս խստացնելու համար Հայաստանի դէմ տնտեսական ճնշումը:

Քրեմլին կը շարունակէ խորհիլ, որ ապատեղեկատուութիւն տարածելով, տնտեսական պատժամիջոցներով, ու այժմ ալ ռազմակայանը փակելու սպառնալիքով՝ կը կարողանայ Երեւանին պարտադրել իրեն հանդէպ հաւատարմութիւն, ինչպէս որ գոյութիւն ունեցած էր մինչեւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը: Սակայն, հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հասած են կէտի մը, ուրկէ կարելի չէ ետդարձ կատարել դէպի անցեալը: Միակ ելքը այն է, որ կողմերը գտնեն համաձայնութեան եզրեր ու շարունակեն գործակցիլ հոն, ուր կարելիութիւն կայ:

Մոսկուան պէտք է սկսի դասեր քաղել մօտիկ անցեալէն: Ինչպէս որ չկարողացաւ պատերազմի միջոցաւ Ուքրանիան ենթարկել իրեն, պիտի չկարողանայ տնտեսական ու այլ ճնշումներով հայ ժողովուրդին պարտադրել հրաժարիլ իր ընտրած նոր ուղիէն:

 

 

Անցեալ շաբաթ, Պիշքէքի մէջ կայացած Փաշինեան-Փութին հանդիպումի արձագանգները կը շարունակեն լայնօրէն քննարկուիլ Հայաստանի հասարակութեան ու քաղաքական շրջանակներուն կողմէ:

Հանդիպումը բաղկացած էր երկու բաժինէ: Առաջին մասով, լրագրողներու ներկայութեան երկու ղեկավարները հանրութեան ներկայացուցին իրենց մօտեցումները Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Նախագահ Փութին շեշտը կը դնէր Եւրոպական Միութեան Երեւանի անդամակցութեան ձգտումներուն վրայ՝ դարձեալ պնդելով, որ այդ անդամակցութիւնը համատեղելի չէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան հետ: Ի պատասխան՝ Փաշինեան կը հաստատէր, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ խորացման հարցով: Միաժամանակ ան կը շեշտէր, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի շուրջ տարածաշրջանային իրավիճակը փոխուած է, եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն անհրաժեշտ է նայիլ՝ «թարմ հայեացքով»:

Հանդիպումի երկրորդ մասը եղած էր փակ, ու հոն քննարկուած հարցերու մասին շատ բան չէր հաղորդուած: Սակայն, կողմերը որոշած են իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները մանրակրկիտ քննարկել յառաջիկային՝ Փաշինեանի Մոսկուա այցելութեան ընթացքին: Այդ խնդիրներու շարքին Հայաստանի համար ամենէն հրատապ հարցը կը վերաբերի հայկական երկաթուղիներու կառավարման հարցին: Ներկայիս այդ կառավարումը կը պատկանի ռուսական ընկերութեան, ու հայկական կողմի կարծիքով՝ այդ պարագան կրնայ խոչընդոտ հանդիսանալ «Թրամփի Ուղի» ծրագրի իրականացման համար՝ նկատի ունենալով, որ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած արեւմտեան պատժամիջոցները արգելք կը հանդիսանան միջազգային ընկերութիւններուն համար: Երեւան կ’առաջարկէ, որպէսզի կառավարման իրաւունքը փոխանցուի մէկ այլ երկրի, որ ընդունելի ըլլայ Ռուսաստանին:

Որպէս երրորդ երկիր կը յիշուի Ղազախստանի անունը, որ լաւ յարաբերութիւններ ունի Ռուսաստանի հետ ու անդամ է Մոսկուայի ղեկավարած ՀԱՊԿ-ի ռազմական դաշինքին, ԵԱՏՄ-ի տնտեսական միութեան եւ ԱՊՀ-ին, որ կը համախմբէ նախկին Խորհրդային Միութեան շարք մը երկիրները: Ռուսաստան բուռն կերպով կ’ընդդիմանայ այս առաջարկին ու կը խորհի, որ այդ մաս կը կազմէ Ռուսաստանը Կովկասեան տարածաշրջանէն հեռացնելու ծրագրին եւ կը կատարուի Արեւմուտքի կողմէ Հայաստանի վրայ բանեցուող ճնշումներուն միջոցաւ:

Պիշքէքի մէջ կայացած Շանհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան ժողովի աւարտին նախագահ Փութին, պատասխանելով լրագրողի մը մէկ հարցին, անակնկալօրէն յայտարարեց, որ եթէ Հայաստանը կը համարէ, որ Կիւմրիի մէջ ռուսական ռազմակայանը իրեն պէտք չէ, մենք դուրս կու գանք թէկուզ եւ վաղը: Նման յայտարարութիւն առաջին անգամ ըլլալով կը հնչէր երկու երկիրներուն միջեւ տակաւ վատթարացող յարաբերութիւններու ամբողջ ընթացքին: Փութինի նման առաջարկը անակնկալ էր նաեւ այն պատճառով, որ հայկական կողմը այդ հարցը երբեք չէ բարձրացուցած ու միշտ շեշտած է, որ ռուսական ռազմակայանը դուրս բերելու հարցը իրենց օրակարգին վրայ չկայ:

Քաղաքական շրջանակներու կարծիքով՝ նախագահ Փութին այսպիսով Երեւանի վրայ ճնշումը աւելի բարձր մակարդակի վրայ կը դնէ՝ խորհելով, որ նման հարց մէջտեղ նետելով կրնայ ազդել հայ հանրային կարծիքին վրայ: Արդէն իսկ, ընդդիմադիր շրջանակները սկսած են թմբկահարել, որ ռուսական ռազմական ներկայութեան հեռացումով Ատրպէյճանն ու Թուրքիան յարձակելով կը վերացնեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հակառակ կողմը կը պնդէ, որ նման վտանգ գոյութիւն չունի եւ, ընդհակառակը, ռուսական զօրքերու ներկայութեամբ է, որ ատրպէյճանական բանակը հասաւ մինչեւ Ջերմուկի մօտակայքը:

Յառաջիկայ դեկտեմբերին կը սպասուին Հայաստան մատակարարուող ռուսական կազի շուրջ նոր բանակցութիւններ, եւ մեծ է հաւանականութիւնը, որ կազի գինի բարձրացումը յայտնուի օրակարգի վրայ՝ աւելի եւս խստացնելու համար Հայաստանի դէմ տնտեսական ճնշումը:

Քրեմլին կը շարունակէ խորհիլ, որ ապատեղեկատուութիւն տարածելով, տնտեսական պատժամիջոցներով, ու այժմ ալ ռազմակայանը փակելու սպառնալիքով՝ կը կարողանայ Երեւանին պարտադրել իրեն հանդէպ հաւատարմութիւն, ինչպէս որ գոյութիւն ունեցած էր մինչեւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը: Սակայն, հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հասած են կէտի մը, ուրկէ կարելի չէ ետդարձ կատարել դէպի անցեալը: Միակ ելքը այն է, որ կողմերը գտնեն համաձայնութեան եզրեր ու շարունակեն գործակցիլ հոն, ուր կարելիութիւն կայ:

Մոսկուան պէտք է սկսի դասեր քաղել մօտիկ անցեալէն: Ինչպէս որ չկարողացաւ պատերազմի միջոցաւ Ուքրանիան ենթարկել իրեն, պիտի չկարողանայ տնտեսական ու այլ ճնշումներով հայ ժողովուրդին պարտադրել հրաժարիլ իր ընտրած նոր ուղիէն:

 

Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»

09/11/2026