Լիբանանի հիւսիսային ափերուն մօտ խորտակուած նաւէն փրկուած անօրինական գաղթականներու խումբը Սեպտեմբեր 9-ին ալ-Արիտա սահմանային անցակէտէն յանձնուած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն։ Այս մասին յայտնած է «Asharq al-Awsat» պարբերականը՝ վկայակոչելով Լիբանանի անվտանգութեան ծառայութեան աղբիւրը։
Ըստ թերթի աղբիւրներուն՝ Սեպտեմբեր 8-ին Լիբանանի ռազմածովային ուժերու նաւաստիները ջուրէն դուրս բերած են 21 սուրիացի։ Անոնց փոխադրող նաւակը, որով անոնք փորձած են անօրինական ճանապարհով հասնիլ Կիպրոս, հրդեհ բռնկելէ ետք խորտակուած է Լիբանանի հիւսիսի Թրիփոլի նաւահանգիստին դիմաց։
Դեռ յայտնի չէ, թէ ընդհանուր առմամբ քանի մարդ գտնուած է նաւակին վրայ։ Լիբանանի ափերուն մօտ որոնողափրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին։
Երեք սուրիացի տեղափոխուած է հիւանդանոց՝ ծանր այրուածքներով։