Իրանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Օգոստոս 30-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2 ինկած ժամանակահատուածին Միացեալ Նահանգներու կողմէ կատարուած յարձակումներուն հետեւանքով առնուազն 18 մարդ զոհուած է, 142-ը՝ վիրաւորուած։ Այս մասին X-ի վրայ կատարած գրառման մէջ նշած է նախարարութեան խօսնակ Հոսէյն Քերմանփուրը։
«Վերջին զեկոյցին համաձայն՝ Օգոստոս 30-ի ժամը 20։30-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2-ի ժամը 20։30-ը ԱՄՆ-ի յարձակումներուն հետեւանքով վիրաւորուած է 142 մարդ, եւս 18-ը՝ զոհուած», նշուած է գրառման մէջ։
Անոր խօսքով՝ վիրաւորներէն 61-ը կիներ են, 44-ը՝ 18 տարեկանէն փոքր անձեր։ Խօսնակը նշած է, որ զոհուածներուն մէջ կան երկու կին եւ մէկ երեխայ։
Սեպտեմբեր 2-ի գիշերը Միացեալ Նահանգները նոր զանգուածային հարուածներ հասցուցած է Իրանի կառոյցներուն։ Ի պատասխան՝ Իրանը հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է Մերձաւոր Արեւելքի քանի մը երկիրներու մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմական թիրախներու ուղղութեամբ։
Ներկայիս մարտերը տեղի կ՚ունենան Իրանի դէմ ԱՄՆ-Իսրայէլ պատերազմը դադրեցնելու եւ Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու նպատակով Յունիս 18-ին ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագրի տապալումէն ետք։ Բախումները վերսկսած էին Յուլիսին՝ յուշագրի իրականացման շուրջ տարակարծութիւններէն ետք։ Յուլիսի վերջէն փոխադարձ հարուածները շուրջ մէկ ամիս դադրած էին։