image

Լիբանանի առաջատար Համալսարանի տնօրէնին այցը՝ Անթիլիաս

Լիբանանի առաջատար Համալսարանի տնօրէնին այցը՝ Անթիլիաս

Օրերս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունած է Լիբանանի կարեւորագոյն համալսարաններէն՝ Սեն Ճոզեֆի տնօրէն փրոֆ. հայր Սելիմ Տաքքաշ եւ Օթել Տիօ հիւանդանոցի տնօրէն Նասիպ Նասեր:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի կարեւորագոյն համալսարաններէն՝ Սեն Ճոզեֆի տնօրէն փրոֆ. հայր Սելիմ Տաքքաշ եւ Օթել Տիօ հիւանդանոցի տնօրէն Նասիպ Նասեր:

Հանդիպումին ներկայ էին Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ բժիշկ Համբիկ Քուրիէ:

Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր գործակցութիւն մը ստեղծել յիշեալ ազգային բուժարանին եւ հիւանդանոցին, այլեւ Կաթողիկոսարան-համալսարան-հիւանդանոցին միջեւ: 

Այս առաջին հանդիպումէն ետք, որոշուեցաւ հանդիպումները շարունակել աւելի գործնական հարցեր քննարկելու համար: