Լիբանանեան սփիւռքի մէջ այս առաւօտ ընթացք առին խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այս մասին կը գրէ կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս առաւօտ ընտրական սնտուկներ բացուեցան արաբական վեց երկիրներու մէջ:
Այդ երկիրներն են՝ Սէուտական Արաբիա, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Օման եւ Եգիպտոս:
Նշենք, որ Լիբանանէն դուրս տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 82970 քուէարկողներ, իսկ վերոնշեալ երկիրներուն մէջ ընտրողներուն թիւը կը հասնի 12615-ի:
Յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամն է, որ երկրէն դուրս գտնուող լիբանանցիներ իրաւունք պիտի ունենան ընտրութեանց մասնակցելու:
«Արեւելք»ի ունեցած տուեալներով Հայաստանի մէջ ապրող լիբանանցիները նոյնպէս կարելիութիւն պիտի ունենան ընտրութիւններուն մասնակցնելու եւ այդ ընտրութիւնները պիտի կայացուին յառաջիկայ կիրակի օր: