Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով հնարաւորութեան պատուհան բացուած է, ՆԱԹՕ-ի երկիրները պիտի քննարկեն կարգաւորման գործընթացին իրենց հնարաւոր աջակցութիւնը։ Այս մասին Անթալիոյ մէջ դաշինքի արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման փակ մասի մեկնարկէն առաջ յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։
«Ի հարկէ, Ուքրանիոյ մէջ պատերազմն արդար եւ տեւական հիմքերու վրայ վերջ տալու մեր ջանքերը մեր այսօրուան քննարկումներու կարեւոր մասը պիտի ըլլան։ Բոլորդ գիտէք, որ Թուրքիան միշտ ընդգծած է այս խնդրի դիւանագիտական լուծման անհրաժեշտութիւնը։ Երեք տարուան անտանելի տառապանքներէն ետք վերջապէս բացուած է հնարաւորութիւններու պատուհանը։ Յուսանք, որ Իսթանպուլի բանակցութիւնները նոր գլուխ պիտի բանան։ Այսօրուան մեր հանդիպումը կարեւոր հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ քննարկելու, թէ ինչպէս կրնանք անհատապէս եւ հաւաքականօրէն աջակցիլ այս գործընթացին», -ըսած է Ֆիտանը:
Նշենք, որ այսօր Իսթանպուլի մէջ պիտի կայանար ռուս-ուքրանական ուղիղ բանակցութիւնները: Բանակցութիւնները պիտի իրականցուին Թուրքիոյ նախագահի աշխատանքային գրասենեակի՝ Տոլմապահչէի մէջ: Նոյն վայրին մէջ ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները տեղի ունեցած են նաեւ 2022-ի մարտին։
Բանակցութիւնները պիտի կայանան մամուլի համար փակ դռներու ետին։
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հաստատած բանակցային պատուիրակութեան կազմին մէջ են Ռուսիոյ նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքին, Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը, Զինուած ուժերու սպայակոյտի ընդհանուր տնօրինութեան պետ Իկոր Քոսթիւքովը, պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմինը: