Լիբանան- Ընկերային ցանցերու տարբեր օգտատէրեր համացանցի ճամբով ծաղրի կ'ենթարկեն Պէյրութի տարբեր շրջաններուն մէջ աղբի կուտակման երեւոյթը: Անոնք Photoshop ծրագրով նկարներ պատրաստած են , ուր երեւելի դարձած են երկրի քաղաքական գործիչները աղբ հաւաքող ընկերութեան համազգեստով, երկրի գեղեցկուհին աղբահան կառքի մը վրայ, ինչպէս նաեւ հնդիկ աշխատաւոր մը, որ աղբ կը հաւաքէ նկարին վրայ գրելով ՝ «կարօտցանք քեզ ո՜վ մեծ»: Աղբահանման խնդիրը ցարդ կը մնայ անլոյծ սակայն կառավարութիւնը յառաջիկայ Երեքշաբթի իր կայացնելիք արտակարգ նիստը պիտի տրամադրէ խնդրի լուծման համար միջոցներ գտնելու: