Լիբանանահայ երիտասարդ` Յակոբ Քէօշկէրեան փայլուն արդիւնքներ կը գրանցէ քաղաքագիտութեան բաժնի իր ուսմունքին առընթեր։
Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Պէյրութ հրապարակուող «Արարատ» օրաթերթէն, որ այս մասին կարճ լուր մը ներկայացուցած է։
Ստորեւ կը ներկայացնենք լուրին ամբողջութիւնը, նշելով նաեւ, որ Պէյրութի Սահակեան վարժարանի շրջանաւարտ՝ Յակոբ Քէօշկէրեանը, որ նոյնպէս աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ ՍԴՀԿ Տխրունի Ուսանողական Միութեան շարքերէն ներս, որդին է ՍԴՀԿ գործիչ եւ «Արեւելք»ի մնայուն բարեկամ Ալեքսան Քէօշկերեանին։
Ի սրտէ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք սիրելի Յակոբին։
Ստորեւ թղթակցութիւնը։
«Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր 2015-2016 տարեշրջանի շրջանաւարտ Յակոբ Քէօշկէրեանը Լիբանանեան համալսարանի Քաղաքագիտութեան ճիւղի (մօտ 400 ուսանող) 5-րդ կիսամեակի արդիւնքներով առաջին հանդիսացածէ ապահովելով 79,84 ընդհանուր միջին:
Այս յաղթանակը նորութիւն չէ մեզի համար: Յակոբը Սահակեան-Լ.Մկրտիչեան Գոլէճին մէջ իր աշակերտած տարիներուն ալ դասարանային առաջնութիւնը ոչ մէկուն կը զիջէր:
Սահակեան-Լ.Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ սիրելի Յակոբը, ծնողքը, հարազատները ու նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթէ:
Հպարտ ենք քեզմով, Յակոբ»։